Նախագահ Սլէյման Ղոսընի Եւ Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Բանակը Զինելու Սէուտական Նուիրատուութեան Թղթածրարը

Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած կառավարութեան մը կազմութեան հեռանկարները:
Քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած նուիրատուութեան թղթածրարը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին հիմնական կարիքները` նկատի ունենալով բանակը զինելու սէուտական նուիրատուութիւնը գործադրելու քայլերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնը եւ դրամատնային աշխատանքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այս կառոյցին հետապնդած թղթածրարները, ինչպէս նաեւ սահմանային անցքերը ապահովութեան ուժերու հակակշիռին տակ պահելու քայլերը:

