Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Նստացոյցով Եւ Ճամբաները Փակելով Բողոքեցին «Քա. Վէ. Ա.»-ի 62 Պաշտօնեաները Աշխատանքէ Արձակելու Որոշումին Դէմ

tsoutsԵլեկտրական ընկերութեան աշխատաւորներու սենտիքային կազմակերպութեամբ երէկ ընկերութեան սարակները համախմբուեցան ուղղուելու համար «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան կեդրոնը եւ բողոքելու` այդ ընկերութեան 62 պաշտօնեաներուն գործէ արձակումի անարդար որոշումին դէմ:

Սարակներուն կողմէ գործադրուած բողոքի նստացոյցին ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ` սարակներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Ըստ սարակներուն, ներքին ապահովութեան ուժերը արգիլած էին անոնց նստացոյցը եւ հարուածներ հասցուցած ու վիրաւորած զանոնք:

Այս պատճառով առաւօտեան ժամը 9:30-ին սարակները որոշեցին փակել Տորայի մայրուղիի երկու ուղղութիւնները` երթեւեկի ահաւոր խճողում պատճառելով դէպի Պէյրութ եւ դէպի Ժունիէ ուղղուող ինքնաշարժներուն համար:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել մնայուն կերպով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ սարակներուն հետ` անոնց հետ համաձայնութեան մը յանգելու միտումով:

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց նստացոյց կազմակերպող սարակներուն կազմելու պատուիրակութիւն մը եւ ուղղուելու աշխատանքի նախարարութիւն: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան վարչութեան հետ եւ անկէ պահանջեց 62 պաշտօնեաները վերստին աշխատանքի հրաւիրել:

Աւելի ուշ, «Քա. Վէ. Ա.»-ի պաշտօնեաներու հարցերը հետապնդող պատասխանատու Լուպնան Մախխուլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ եւ համաձայնութիւն յայտնեց Ժրայսաթիի հետ հանդիպելու` ներքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին եւս ճամբաները մնացին փակ, սակայն ի վերջոյ գոյացաւ համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ աշխատանքի նախարարը, այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին, աշխատանքի նախարարութեան մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան վարչութեան հետ: Պիտի քննարկուին 62 պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելու պատճառները, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջուի վարչութենէն անմիջապէս վերջ տալ իր անարդար որոշումին եւ աշխատանքի կանչել աշխատանքէ արձակուած պաշտօնեաները:

Ժրայսաթի 62 պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելու «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան վարչութեան որոշումը նկատեց ինքնագլուխ քայլ մը: Ան հաստատեց, որ «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան վարչութիւնը պէտք է նաեւ նկատի ունենայ, որ ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն շուրջ քաղաքական հսկայ համաձայնութիւն մը գոյացած է եւ կարելի չէ զայն խզել, յատկապէս երբ այդ որոշումը կը վերաբերի լիբանանցի պաշտօնեաներուն:

Աշխատանքի նախարարին հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք, սարակները վերջ տուին բողոքի նստացոյցին եւ բացին ճամբաները, խոստանալով այսօր մագլցողական յաւելեալ քայլերու դիմել` Ժրայսաթիի եւ «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան վարչութեան միջեւ հանդիպումին ձախողութեան պարագային:

Share this Article
CATEGORIES