Մխիթարեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթավերջին Սթանտար Լիեժի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին թեթեւօրէն վիրաւորուած էր, երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն:
Ան թէեւ իր խմբակիցներուն հետ փորձերուն չմասնակցեցաւ, սակայն առանձինը թեթեւ մարզումներ կատարելով փորձեց գտնել իր անցեալի կազմուածքը:
Նշենք, որ ներկայիս Տորթմունտ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Սպանիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

