Հայկական Ֆութպոլ. Ազատեան Եւ Մուրատեան Տեղափոխուեցան Բանանց

banants_1Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Բանանցի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկու նորեկներ` Սեմիոն Մուրատեան եւ Արեգ Ազատեան միացան խումբին, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:

Բացի անոնցմէ, ֆութպոլիստներուն հետ կը մարզուին նաեւ երկրորդ եւ երրորդ խումբերէն հրաւիրուած ֆութպոլիստներ Արմէն Մանուչարեան, Պետրոս Աւետիսեան, Յակոբ Յակոբեան եւ Յովհաննէս Իլանկէօզեան, ինչպէս նաեւ Ալաշկերտի նախկին ֆութպոլիստ Գարեգին Մաշումեան:

Share this Article
CATEGORIES