Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հաստատ մնացէք ձեր որոշած գործին վրայ առանց ազդուելու ուրիշներու միտքերէն կամ փափաքէն: Ձեր ներքին հարցերը դուք գիտէք միայն, ըստ այնմ շարժեցէք, ինչ որ ճիշդ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք հոգեկան զգացումներ ձեր շուրջիններուն նկատմամբ: Կ՛ուզէք նուէր մը ընել տարեդարձի մը առիթով, սուղ նուէրը անպայման յարգի չի կրնար ըլլալ: Նկատի առէք նուէրը ստացողին ճաշակը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուրախ հաւաքոյթի մը ներկայ պիտի ըլլաք, ընկերային կամ ընտանեկան իմաստով: Հրաւէրը մի՛ մերժէք, ձեր ներկայութիւնը կարեւոր է: Օրը խաղաղ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութեան առիթ մը պիտի ստեղծուի: Այս անակնկալը պիտի ընդունիք սիրով, ինչ որ կրնայ նոր դուռ մը բանալ մը դէպի յաջողութիւն: Լաւատես եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր ծանօթութիւններ պիտի ունենաք, կարեւոր է զանոնք ճանչնալէ ետք միասնաբար գործակցիլ: Հապճեպ որոշում մի՛ տաք, կրնաք սխալիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նորութիւններու հետամուտ էք, բայց լաւ գիտցէք, թէ նորը փայլունը միշտ օգտակար չեն: Հետեւեցէք ձեր փորձութեամբ գիտցածին: Իմաստուն ըլլալը յաջողութեան սկիզբն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խնայասիրութեամբ կատարեցէք ձեր գնումները: Անօգուտ բաներու դրամ մի՛ յատկացնէք այս օրերուն: Գոհացէք ձեր ունեցածովը, որ լաւագոյն ճամբան է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամատնային գործառնութիւն մը կատարելու պարտականութիւն պիտի ունենաք: Առեւտուրի կամ այլ գնումի հարց մը պիտի կարենաք դասաւորել: Արթուն եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)»
Ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի ըստ արժանւոյն: Աւելիին ձգտիլը յոգնութիւն է: Ներկայիս գոհացէք ձեր ունեցածով եւ ուրախ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքը ունի տարբեր պահեր: Բնութեան հետ համախոհ մնացէք: Ընտրեցէք հանգիստ վայր մը արձակուրդային պահեր ապրելու: Մի՛ մտահոգուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փայլուն իրերը գրաւիչ կրնան ըլլալ, բայց խորքը նոյնը չ՛ըլլար: Լաւը վատէն զանազանելու առիթ մը պիտի ունենաք: Իմաստուն եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր տարին ունի նորութիւններ ձեր անձին վերաբերեալ: Կարեւոր է լուրջ վերաբերում ունենալ` նոր ծրագիրներ պատրաստելու պարագային:

