50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1964)
Լուսի՜ն Մը Ունէինք
Ան Ալ Վրայ Տուինք…
Համեստափա՜յլ արբանեակ լուսինը, որ դարերէ ի վեր բանաստեղծներն ու սիրահարները միայն հետաքրքրող երկնային մարմին մըն էր, քանի մը տարիէ ի վեր կը գրաւէ առաջնահերթ դիրքն ու պատիւը եւ գիշեր թէ ցերեկ կը խռովէ գիտնականներու եւ պետական մարդոց հանգիստը, տրտմատխուր իր լոյսով…
Արդարեւ, Ուաշինկթընէն կը հաղորդեն, թէ մարդ մը-կամ երկու մարդիկ-լուսին ղրկելու ծրագիրը մոռցուած չէ, հակառակ կառավարութեան խնայողական կրճատումներուն:
Այս տարուան ընթացքին հաւանաբար ծախսուի աւելի քան 5 միլիառ տոլար` այդ նպատակով. իսկ 1965-ի համար նոյնքան գումար անհրաժեշտ կը նկատուի:
Ամերիկացի եւ արեւմտական գիտնականները այս հարցին մէջ երկու առեղծուածներ կը տեսնեն: Մէկը` լուսնին չտեսնուած կողմն է, միւսը` Խորհրդային Միութեան լուսնային ծրագիրը, որ նոյնպէս մութին մէջ թաղուած է:
Այս ձեւով, ուրեմն, երկրային բազմաթիւ կնճռոտ հարցերէն յետոյ` երկնային մարմիններն ալ սկսած են մտատանջել մարդկութիւնը:
Կարգ մը գիտնականներ կը պնդեն, թէ լուսնի վրայ հաստատուած թշնամի մը կրնայ երկիրը ծունկի բերել: Ուրիշ գիտնականներ վերապահ են այս մասին կամ հակառակը կը պնդեն: Սակայն, կասկածը մտած է ի վերջոյ մարդոց սրտին մէջ, եւ մէկ բան գոնէ իրողութիւն է. այս օրերուն լուսնին նայող ոեւէ մարդ` անկարելի է, որ չմտածէ ամերիկացիներու կամ ռուսերու մասին:
Ֆրանսական թերթ մը այս առթիւ կը խորհրդածէ.
«Ի՞նչ կը ծրագրեն այս երկու մեծ պետութիւնները` լուսին հասնելու համար, եւ հասնելէ յետոյ ի՛նչ դիրք պիտի բռնեն երկրի հանդէպ:
«Ահա՛ նորագոյն հետաքրքրութիւնը, որ աւելցած է մարդոց առօրեայ մտահոգութիւններուն վրայ:
«Էր երբեմն, լուսնի՜ն կը նայէինք` մեր ցաւերը մոռնալու համար, կամ կը սեւեռէինք աստղազարդ երկնքին: Հիմա այդ մխիթարութիւնն ալ չմնաց», Ինչպէս կ՛եզրակացնէ ֆրանսական թերթի մասնագէտ աշխատակիցը:
ԳԻՍԱՒՈՐ
Ներքին Կեանք
2200 Ժողովրդային Բնակարաններ Քարանթինայի
Եւ Ուզահիի Լիբանանցիներուն
Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ վարչապետութեան փոխանցեց երկու ծրագիրներ, որոնցմէ առաջինը կը նախատեսէ Քարանթինայի մէջ գտնուող թիթեղածածկ հիւղաւաններու եւ Ուզահիի մէջ շինուած հիւղակներու քանդումը, իսկ երկրորդը` շինութիւնը ժողովրդային բնակարաններու, ուր պիտի բնակին այդ հիւղաւաններու բնակիչները:
Երկու ծրագիրներն ալ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ու զիրար կ՛ամբողջացնեն: Նախ քաղաքը կը մաքրուի հակառողջապահական երկու կեդրոններէ, երկրորդ` մարդավայել բնակարաններ կը տրամադրուին բնակչութեան:
Ժողովրդային 2200 բնակարաններ պիտի շինուին Մքալլէսի ու Ղատիրի մէջ: Լիբանանցիները պիտի ստանան այդ բնարականները, իսկ ոչ լիբանանցիներուն` 1000 լ. ոսկիի հատուցում մը պիտի վճարուի:
Հայերը Թուրքիոյ Մէջ
Ս. Ծնունդը Կեսարիոյ Մէջ
Կեսարիայէն 7 յունուար թուականով, կը գրեն.-
Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-ին տեղւոյն հայ բնակչութիւնը արդէն իսկ սկսած էր լեցուիլ մեր դարաւոր ու փառաւոր Սուրբ Լուսաւորիչ ընդարձակ Մայր եկեղեցին: «Փառք ի բարձունս»-ի աւետաբեր զանգակի ղօղանջումներէն ետք բերնէ բերան տեղ գրաւած էր աւանդապահ բարեպաշտ ժողովուրդը, հակառակ սաստիկ ցուրտին, բայց կէսօրին օդը փոխուեցաւ եւ գարնանային վիճակ մը ստացաւ:
Տօնական հանդիսաւոր պատարագը մատուցեց մեր վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան, որ Ճաշու Գիրքին ընթերցումէն առաջ կարդաց Շնորհք պատրիարք Գալուստեանի կողմէ Սուրբ Ծնունդի առթիւ ղրկուած թուրքերէն պատգամ-քարոզը եւ ապա զայն իր կողմէ ալ ընդլայնելէ յետոյ, սիրոյ եւ եղբայրութեան մասին ամփոփ եւ կոկիկ քարոզ մը խօսելով` մխիթարեց ժողովուրդը: Այս առթիւ տէր հայրը ջերմ բարեմաղթութիւններ ուղղեց Ամենայն հայոց Ս. Էջմիածնի կաթողիկոս Վազգէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Երուսաղիմայ Սուրբ Յակոբեանց Աթոռին պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեանի:
Ապա Նոր տարուան առթիւ Կիպրոսի մէջ արիւնահեղութեանց պատճառ եղողներուն անէծք կարդալով` յորդորեց ժողովուրդը տօնական օրերու առթիւ լուրջ ու խոհեմ ընթացք ունենալ եւ անտեղի արարքներու տեղի չտալ: Տէր հօր այս խրատները իրենց բարերար արդիւնքը ունեցան եւ որեւէ անախորժ դէպք չպատահեցաւ:
Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, ժողովուրդը առաջնորդարան երթալով, տէր Հայկազուն հօր փոխադարձ շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները ստացաւ:
Այսօր, Ս. Ծննդեան Մեռելոցի առթիւ, Ս. պատարագի մատուցումէ յետոյ, եկեղեցիին մէջ ընդհանուր ննջեցելոց յիշատակին հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարուեցաւ:

