Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթներուն Դերը Երեխաներու Դաստիարակութեան Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

imagesԵրեխաներու դաստիարակութեան մէջ հեքիաթներուն դերը բազմազան է: Ուստի, անոնք կը զարգացնեն երեւակայութիւնը եւ կը ձեւաւորեն մանուկին խօսքի ճիշդ արտայայտութիւնը:

Հեքիաթները մատչելի լեզուով երեխաներուն կը սորվեցնեն կեանքը, կը պատմեն բարիի եւ չարի մասին, երեխաները աւելի դիւրին կ՛ընկալեն հեքիաթը, քան` մեծերուն դաստիարակչական քարոզները:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն հեքիաթներ լսող երեխաները աւելի արագ կը վարժուին իրենց միտքերը ճիշդ ձեւաւորելու եւ արտայայտելու:

Հեքիաթներուն հիմնական նպատակն է զարգացնել երեխային երեւակայութիւնը եւ ստեղծագործական կարողութիւնները:

Մանկական հեքիաթները կը հարստացնեն երեխային բառապաշարը, եւ կ՛օգնեն, որ մանուկը ճիշդ ու տրամաբանական ձեւով արտայայտուի:

Երեխաները ընդհանրապէս իրականութիւնը պատկերաւոր ձեւով կ՛ընկալեն, իսկ հեքիաթները կը նպաստեն իրականութեան ճիշդ ընկալման: Երեխաները հեքիաթներու միջոցով պատկերաւոր ձեւով կ՛ընկալեն չարն ու բարին: Հեքիաթներուն մէջ միշտ կը յաղթէ բարին, ինչ որ երեխային կ՛օգնէ յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները` ենթագիտակցութեան մէջ ունենալով բարիի յաղթանակի գաղափարը:

Նոյն հեքիաթը կարելի է երեխային պատմել քանի մը անգամ, որպէսզի նաեւ լաւ ընկալէ հեքիաթին բուն միտքը: Արդէն երեխաներն ալ մեծ հաճոյքով նոյն հեքիաթը քանի մը անգամ մտիկ կ՛ընեն:

 

Փորձ – Հարցարան

Արդեօք Յարմարող Ա՞նձ Էք

1

Ձեր ընկերը ձեզ հրաւիրած է ընտանեկան հաւաքոյթի մը: Դուք`

ա.- Մեծ հաճոյքով կ՛ընդառաջէք:
բ.- Կը հարցնէք, թէ ովքեր ներկայ պիտի ըլլան:
գ.- Չէք երթար:

2

Բարեկամուհի մը ճաշի հրաւիրած է ձեզ եւ խխունջով կերակուր մը պատրաստած է ձեզի համար.

ա.- Խխունջ երբեք չէք կերած, բայց եւ այնպէս կը համտեսէք ձեր բարեկամուհին յուսախաբ չընելու համար:
բ.- Կը հրաժարիք խխունջէն` անմարսողութիւն պատճառաբանելով:
գ.- Կը յայտարարէք, որ խխունջ չէք ուտեր:

3

Այցելութեան գացած էք առանց տեղեակ պահելու տանտէրը, իսկ տունը մարդ չկայ: Դուք`

ա.- Կը սպասէք դրացիին մօտ:
բ.- Կը մեկնիք:
գ.- Կը մտածէք, թէ ի զուր ժամավաճառ եղաք:

4

 Կարգի կը սպասէք եւ մէկը ձեր առջեւ կ՛անցնի: Դուք`

ա.- Կը մտածէք, որ ան կ՛աճապարէ:
բ.- Կը մտածէք, որ ան անկիրթ է:
գ.- Կը վիճիք եւ թոյլ չէք տար, որ ձեր կարգը առնէ:

5

Ժամադրուած էք անձի մը հետ, իսկ ան կ՛ուշանայ.

ա.- Կը սպասէք, մինչեւ որ գայ:
բ.- Կը հեռաձայնէք:
գ.- Զայրացած կը մեկնիք:

 6

Թատրոն գացած էք. ձեր կողքին նստողը անտեղի բարձրաձայն կը խնդայ: Դուք`

ա.- Չլսելու կը ձեւացնէք:
բ.- Ձեր տեղը կը փոխէք:
գ.- Դիտողութիւն կ՛ընէք:

7

Հանրաշարժին մէջ ձեզի կը հրեն: Դուք`

ա.- Կը խնդրէք, որ չհրեն:
բ.- Կ՛իջնէք հանրաշարժէն:
գ.- Դուք ալ կը հրէք:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դուք յարմարող անձ էք: Ձեզի համար շատ կարեւոր են ձեր դիմացինին ցանկութիւնները. դուք կը մտածէք նախ անոր, ապա ձեր մասին: Բայց պէտք չէ որ տեւաբար այսպէս մտածէք, քանի որ շատեր սխալ կը հասկնան եւ կը շահագործեն ձեզ:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, դուք էութեամբ հանգիստ եւ խաղաղ անձ էք, եթէ ձեզ չեն վիրաւորեր կամ նեղացներ: Կը պատահին իրավիճակներ, երբ ստիպուած էք զոհ երթալ, անտեսել ձեր սկզբունքները եւ յարմարիլ: Բայց ատիկա ձեզի ներքին անհանգստութիւն կը պատճառէ:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, դուք զգայուն եւ միաժամանակ անզուսպ անձ էք: Չէք սիրեր, երբ ձեզ կ՛անհանգստացնեն. այդ իսկ պատճառով դժուար կը յարմարիք տուեալ միջավայրերու կամ իրավիճակներու: Փորձեցէք ըլլալ քիչ մը զիջող եւ նրբանկատ:

 

2014-ի Մազի Կտրուածքները

Վարսայարդարները 2014-ի համար որդեգրած են առաւելաբար «քուփ քառէ»-էն` իր բոլոր հասակներով` ականջին տակէն մինչեւ ուսերը հասնող: Անոնք ընդհանրապէս շեշտը դրած են պարզութեան վրայ եւ մեծ մասամբ հրաժարած «էքսթէնշըն»-ներէն:

Բացի «քառէ» կտրուածքէն, նաեւ նորաձեւ են պարզ շինիոնները, հիւսուած սանտրուածքները, թացի տպաւորութիւն ձգող յարդարանքները եւ վերջապէս 70-ական եւ 80-ական թուականներու սանտրուածքները:

Նշանաւոր վարսայարդար Ժան Լուի Տաւիտ կը թելադրէ հրաժարիլ երկար, վատառողջ, գունաթափ մազերէն եւ որդեգրել կարճ, քառէ եւ տարբեր գոյնի տեսակները:

Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

hair-cuts

 

 

Խոհագիր

Պրոքոլիով Եւ Չոր Լոլիկով Ռիզօթթօ

risotto-tomates-brocolisԲաղադրութիւն 4 անձի համար

– 300 կր. բրինձ (նախընտրաբար Արպորիօ տեսակը)
– 50 կր. չոր լոլիկ
– 1 պզտիկ պրոքոլի
– 1 սոխ
– 10 սանթիլիթր ճերմակ գինի
– 1 խորանարդ խտացուած բանջարեղէնի հիւթ
– 75 կր. փարմըզան պանիր
– 10-12 թարմ ռեհանի տերեւ
– 2 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
– 20 կր. կարագ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Կեղուեցէք եւ մանրեցէք սոխը, լուացէք պրոքոլին եւ մանր կտորներու բաժնեցէք, չոր լոլիկի շերտերը բարակ-երկար կտրտեցէք, մանրեցէք ռեհանը:

Մէկուկէս լիթր եռացած ջուրի մէջ լուծեցէք խտացուած բանջարեղէնի հիւթը: Խորունկ տապակի մը մէջ տաքցուցէք ձիթաիւղը եւ աւելցուցէք սոխերը, ձգեցէք մինչեւ որ շէկ գոյն ստանան: Աւելցուցէք բրինձը եւ 3 վայրկեան տեւաբար խառնեցէք: Աւելցուցէք գինին եւ կրկին 3 վայրկեան խառնեցէք: Աւելցուցէք կտրտուած լոլիկն ու պրոքոլին:

Խառնուրդին վրայ շերեփով քիչ-քիչ եռացած ջուրը աւելցուցէք` տեւաբար խառնելով: Կրակին վրայէն հանեցէք, երբ բրինձը տակաւին քիչ մը կարծր է (ալ տանթէ):

Աւելցուցէք փարմըզան պանիրի շերտերը, կարագը եւ մանրուած ռեհանը: Խառնեցէք եւ ձգեցէք, որպէսզի 5 վայրկեան հանգչի: Հրամցնել տաք վիճակի մէջ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մշուշի միջից,- տեսի՜լ դիւթական,
Բացւում է կրկին Նայիրին տրտում.
Ո՞ր երկրի սրտում թախիծ կայ այնքան,
Եւ այնքա՜ն ներում ո՞ր երկրի սրտում.
Որտե՞ղ են քարերն այնպէս վերամբարձ
Լեռների նման պարզուած երկնքին,
Որտե՞ղ է աղօթքն այնպէս վեհ ու պարզ
Եւ զոհաբերումն այնպէս խնդագին…
Որտե՞ղ է խոցում այնպէս չոր ու խոր
Սիրտը մարդկային դաշիւնը քինոտ.
Որտե՞ղ է հոգին այնպէս վիրաւոր,
Եւ անպարտ երկիրն այնպէս արիւնոտ…

Վ. ՏԷՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES