Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

Հայ Էստրատային Երգերու Երեկոյ

estradayinՆախաձեռնութեամբ Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի Արուեստից միութեան, 12 եւ 13 դեկտեմբերին, Կեդրոնատեղիի «Կոմիտաս» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ հայ էստրատային երգերու երեկոյ:

Ծրագիրին հեղինակն էր միութենական Արմէն Ասատրեանը, որու ջանքերուն շնորհիւ` շուրջ չորս ամսուան ընթացքին կազմուեցաւ էստրատային նուագախումբ` իրանահայ լաւագոյն երաժիշտներէն, որոնք իրենց հետեւողական եւ կարգապահ փորձերու շնորհիւ կարողացան բեմ հանել հայ էստրատային գեղեցիկ երգերու շարան մը: Երգացանկը գլխաւորաբար կազմուած էր իրանահայ բանաստեղծներու եւ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն:

Նշենք, որ ծրագիրի հաղորդավարն էր Վահագն Ազիզեան, որ ծրագիրի ընթացքին ներկայացուց երգերու հեղինակներն ու երգիչները:

 

Վրաստան

«Դիմանկար XXI» Խորագիրով
Գեղանկարներու Ցուցահանդէս

expo_151215 դեկտեմբերին Վիրահայոց  թեմի Հայարտուն կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դիմանկար XXI» խորագիրով ցուցահանդէսի բացում:

Ներկայացուած էին հայ եւ վրացի աւելի քան 20 նկարիչներու շուրջ 80 գործեր: Ցուցահանդէսին մասնակցած են նաեւ նկարիչ-մանկավարժ Ռոբերտ Ներսէսովի նկարչական դպրոցի սաները:

Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ դիմանկարային արուեստը անուանեց ստեղծագործական բարդ աշխատանք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն, որոնց ջանքերով իրականութիւն դարձաւ այս ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսը գնահատուեցաւ կարգ մը անձնաւորութիւններու կողմէ, որոնք ընդգծեցին գեղանկարչութեան թիֆլիսեան դպրոցի իւրայատկութիւնը, ցուցահանդէսի իրատեսական դիմանկարային, երեւակայական աշխատանքներու առկայութիւնը:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդը եւս բարձր գնահատեց ներկայացուած գործերը:

Շահումեանի Սուրբ Աստուածածին
Եկեղեցւոյ Օծում

shahoumian21 դեկտեմբերին, ձեռամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի եւ մասնակցութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Բաբգէն վրդ. Սալբիեանի, Մառնէուլի շրջանի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Աշուրեանի եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու, օծուեցաւ Մառնէուլի շրջանի Շահումեան աւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Օծումէն  ետք  մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ: Աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ բացումը եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բարերարներ Հրաչ եւ Վիտալի Մանասեաններուն, Միքայել Արաբաճեանի, Վիրահայոց թեմի վարչատնտեսական բաժնի պատասխանատու Կարէն Երիցեանի, Յուսիկ քհնյ. Յարութիւնեանի, որոնց ջանքերով վերանորոգուեցաւ եկեղեցին ու նուիրուեցաւ աւանի հայ ազգաբնակչութեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Սասունցի Դաւիթի Նուիրուած
Հատորին Շնորհահանդէսը

tavitՎերջերս Ֆրեզնոյի  մէջ լոյս տեսաւ  Տիգրան Գույումճեանի եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ անգլերէն հատոր մը` նուիրուած Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպին:

Հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 21 նոյեմբերին, կազմակերպութեամբ  Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին: Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց  համալսարանի արուեստներու բաժանմունքի վարիչ ու հրատարակչական գործունէութեան պատասխանատու դոկտ. Վիտա Սամիյեան: Ապա, հատորին մասին խօսեցաւ հատորի խմբագիրներէն Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը, իսկ փակումը կատարեց Հայագիտական ծրագիրի դասախօսներէն փրոֆ. Սերճիօ Լա Փորթան:

Աննա Աստուածատուրեան–
Թըրքոթի Գիրքի Գինեձօն

annaՎերջերս, Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանին մէջ, կատարուեցաւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի «Նօուէր, է Սթորի աֆ Էքսայլ» գիրքի ներկայացումը:

Բացման խօսքը արտասանեց, տեղւոյն Համազգայինի անդամ` Անի Չաղլասեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնութեան:

Ապա խօսք առաւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ եւ ներկայացուց իր գործը: Գիրքը կը ներկայացնէ 1988-ի ողբերգութիւնը, որ պատահեցաւ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ:

Աւարտին  տեղի ունեցաւ գինեձօն:

Գիւմրիի Երեխաներուն Նուէրներ`
Պըրպէնքի Պատանիներէն

gumriԳիւմրիի երկրաշարժին 25-րդ տարելիցին առիթով, ՀԵԴ-ի  Պըրպենքի «Կայծակ» Պատանեկան միութեան պատանիները դիտեցին երկրաշարժին նուիրուած վաւերագրական ֆիլմ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:

Պատանիները փափաք յայտնեցին գործնական կերպով օգնութեան ձեռք երկարելու Գիւմրիի իրենց հայենակիցներուն, եւ նկատի ունենալով, որ Կաղանդը կը մօտենար, որոշուեցաւ Կաղանդի նուէրներու փոխանցման փոխարէն` այս տարի բոլոր նուէրները ուղարկել Գիւրմիի երեխաներուն:

Ծերակուտական Պրաունզպըրկըր
Կը Շնորհաւորէ Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուած
Վահրամ Նահիկեանը

vahram8 դեկտեմբերին, Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնական յայտագիրով մը, նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Վահրամ Նահիկեանի (այժմ Նիւ Հեմշըրաբնակ) 101-ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ծերակուտական Ուիլ Պրաունզպըրկըր եւ Միտըլսեքս շրջանի ոստիկանապետ  Փիթըր Գութուճեան:

Վահրամ Նահիկեանի պատմութիւնը ներկայացուց անոր թոռը` Անահիտ Նահիկեանը` նշելով, որ իր պապը կը մարմնաւորէ նաեւ նախորդ երկու սերունդներուն հանդէպ իրականացուած հալածանքներն ու կրած չարչարանքները: Նահիկեանի հայրը` մտաւորական Նշան Նահիկեանը, ընտանիքի միւս անդամներուն հետ սպաննուած էր 1915-ին, իսկ մեծ հայրը`  Վահրամ քահանայ Նահիկեանը, 1895-ի համիտեան ջարդերուն ընթացքին սպաննուած էր: Անահիտ Նահիկեան աւելցուց, թէ իրենց ընտանիքի ընդհանուր անցեալի հայկական ժառանգութիւնը այսօր կենդանի է բոլորին մէջ, եւ անոնք կը շարունակեն վերակառուցել հայ տունն ու նպաստել անոր զարգացման` պահպանելով քրիստոնէական հաւատքը ընտանեկան արժէքները եւ մեր հայկական ժառանգութիւնը:

Ծերակուտական Ուիլ Պրաունզպըրկըր յատուկ յուշանուէր մը յանձնելով Վահրամ Շահիկեանի, յայտնեց, թէ իրեն համար միշտ շատ կարեւոր եւ խրախուսելի եղած է յարգանքը վերապրածներու նկատմամբ: Ան աւելցուց, որ այդ մէկը կարեւոր է մեր միտքին մէջ, պահելու ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու առաքելութիւնը:

Օրուան հանդիսավարը` Լալիկ Մըսրեան, իր կարգին յայտնեց, թէ  Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու հետ հանդիպումը անբացատրելի փորձառութիւն է:

Յակոբ Եւ Հիլտա Պաղտասարեան Ամոլը
250
Հազար Տոլար Կը Նուիրէ
«
Շամլեան»-ի Մարզարանին

christmas5 յունուարին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահը հիւրընկալեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը, որուն ներկայ եղան Լիբանանի ու Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հայկական կազմակերպութեանց, միութեանց, կրթական համակարգի եւ մամլոյ  ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 550 տօնակատարողներ:

Ընթրիքի ընթացքին սրբազանը յայտարարեց, թէ ծանօթ բարերար Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլը յանձն առած են Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի նորակառոյց մարզարանի բարերարութիւնը` նուիրելով 250 հազար ամերիկեան տոլար:

Վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական մարմինին որոշումով, Նոր մարզասրահը պիտի կոչուի «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան մարզասրահ»:

 

Ուրուկուէյ

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի
Յանձնախումբերուն Նախաձեռնութիւնը`
Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

UruguayԱռաջին անգամ ըլլալով Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերը, Պուէնոս Այրէս եւ Մոնթէվիտէօ, ծրագրեցին եւ կազմակերպեցին ընկերային ճաշկերոյթ հաւաք մը` նպատակ ունենալով ձեռնարկի հասոյթը տրամադրել սուրիահայութեան զանազան կարիքներուն:

Ամիսներու վրայ երկարող գործը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, երբ 8 յունուար 2014-ին, Ուրուկուէյի յայտնի ամարանոց «Փունթա տէլ էսթէյի Գոնրատ» պանդոկի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ, ընթացք առաւ  բարեսիրական ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ մեր շրջանի երեք երկիրներու` Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլի հայաշատ գաղութներէն հրաւիրեալներու, որոնք իրենց արձակուրդը կ՛անցընեն վերոնշեալ ամարանոցին մէջ:

Ձեռնարկին իրենց ամբողջական աջակցութիւնը ցուցաբերեցին Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեանը եւ Ուրուկուէյի հայոց թեմի  առաջնորդ  Յակոբ արք. Գլընճեանը, որոնք ներկայ գտնուեցան եւ իրենց պատգամը փոխանցեցին:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ընդգծեց այն հանգամանքը, թէ հակառակ անոր որ Հայ դատի յանձնախումբերու գլխաւոր աշխատանքը քաղաքական ոլորտն է, սակայն նման նախաձեռնութիւն մը իրենց կողմէ ոչ միայն գովելի եւ քաջալերելի է, այլեւ նոր էջ մը կը բանայ մեր շրջանին մէջ` նպատակ ունենալով Հայ դատի ծիրին մէջ, նաեւ օգտակար հանդիսանալ, ճգնաժամ ապրող Սուրիոյ հայերուն աջակցութեան ձեռք երկարելու ազգանուէր աշխատանքին:

Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան իր կարգին շեշտը դրաւ միասնական աշխատանք ծաւալելու կարեւորութեան վրայ` յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբերու այս առաջին եւ անհրաժեշտ ճիգը նկատելով իբրեւ, սկիզբ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կատարուելիք նման նախաձեռնութիւններուն, որոնց իրականացման համար իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը խոստացաւ ներդնել:

Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու Խորհուրդի վարիչ տնօրէն  Յակոբ Թապագեան իր խօսքին մէջ ծանրացաւ նման ձեռնարկները աւանդական դարձնելու, զանոնք ծառայեցնելու Հայ դատի աշխատանքներուն ծառայեցնելու անոնց, սատար հանդիսանալու կարեւորութեան վրայ, քանի որ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք:  Ան յատկապէս անդրադարձաւ այս վերջին երկու տարիներուն թուրք ազերի հակահայ ծաւալուն աշխատանքին, որուն ծիրին մէջ փորձ կը կատարուի նիւթական հզօրաղբիւրները օգտագործելով քաղաքական գործիչներ սիրաշահելու եւ մեր աշխատանքները խոչընդոտելու:

Բարեսիրական ճաշկերոյթին ընթացքին մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի հայութեան ծանր պայմաններն ու ներկայ դժուար իրավիճակը:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրուկուէյի ազգային «ՍՈՏՐԷ» թատրոնի մեներգիչներէն, Յակոբ Պոյաճեան, քամանչա նուագող Նժդեհ Պոյաճեան եւ դաշնակահար Ալեխանտրօ Սարգիսեան, որոնք տարբեր երանգ մը տուին այս կարեւոր ձեռնարկին:

 

Աւստրալիա

ՀՅԴ 123-ամեակն Ու Սիմոն Զաւարեանի
Մահուան 100-ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէին, վերջերս Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ  նշուեցաւ ՀՅԴ 123-ամեակը եւ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակը:

Բացման խօսքը արտասանեց Ցոլեր Ճղըլեան, որմէ ետք ներկայացուեցան Սիմոն  Զաւարեանի կենսագրական գիծերը:

Ձեռնարկի  ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հայ դատի քաղաքական զեկուցումը փոխանցեց Վաչէ Գահրամանեան, որ անդրադարձաւ վերջին շաբթուան կարեւոր իրադարձութիւններուն:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ վերջերս պատրաստուած Սիմոն Զաւարեանի կեանքն ու գործը բնորոշող տեսերիզ մը:

Օրուան գլխաւոր խօսքն ու պատգամը փոխանցեց Կարօ Քէշիշեան, որ անդրադառնալէ ետք ՀՅԴ օրուան իմաստին, իր խօսքը կեդրոնացուց Սիմոն Զաւարեանի վրայ` ներկայացնելով առաքելատիպ առաջնորդը, փայլուն մտաւորականը, ուսուցիչը, խղճամիտ մարդը, անզուգական ղեկավարը ու ազգային հասարական գործիչը, որ իր անձնական կարողութեամբ ու հմայքով, իր յստակ դրոշմը դրաւ մեր 19-20-րդ դարերու պատմութեան վրայ, ինքզինք ստորադասող հայը վերածելով պայքարունակ եւ յստակ դիմագիծի տէր հաւաքականութեան:

 

Քանատա

Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան Կը Նշանակուի
Քանատայի Հայոց Թեմի
Առաջնորդական Փոխանորդ

meghrigԲարձր տնօրինութեամբ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի եւ Ազգային վարչութեան խառն ժողովին, Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան նշանակուեցաւ առաջնորդական փոխանորդ Քանատայի հայոց թեմին:

Մեղրիկ Ծ. վարդապետի Քանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 դեկտեմբեր 2002-ին, որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ: 2010-ին, առաջնորդին որոշումով, ան նշանակուած է Օնթարիոյ նահանգի հոգեւոր տեսուչ եւ միաժամանակ վարած է թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES