Ամանորեան Ուրախութիւն Պարգեւելու Միտող Տօնակատարութիւն

maral-(2)maral-(1)Հաւատալով, որ Նոր տարուան գալուստին հետ սփռուող ուրախութիւնը ապրելու եւ տօնական մթնոլորտը վայելելու իրաւունք ունին նաեւ նիւթական ու ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն զաւակները` զօր. Նազարէթ Գաբրիէլեանի կինը` Մարալ Գաբիրէլեան, 6-րդ տարին ըլլալով նախաձեռնեց ամանորեայ հանդիսութեան:

Իրեն հետ ունենալով կամաւորներու խումբ մը, Մարալ Գաբրիէլեան Հայ աւետարանական Թրատի վարժարանին մէջ կազմակերպած էր տօնական հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին 45 երեխաներ` իրենց մայրերուն ընկերակցութեամբ:

Այս առիթով պատրաստուած էին խաղեր, ժամանց, ինչպէս նաեւ մանուկները մեծ խանդավառութեամբ պարեցին, երգեցին ու զուարճացան: Անոնց ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապուկը ժամանումով: Մանուկներուն ցնծութիւն պարգեւելու կողքին, Կաղանդ պապուկին իւրաքանչիւրին յանձնեց նուէրներ:

45 մանուկներուն համար այդ օրը եղաւ յիշատակելի, որովհետեւ իրենք եւս առիթ ունեցան վայելելու Ամանորը, ապրելու տօնը եւ հանդիպելու Կաղանդ պապային հետ:

Մարալ Գաբրիէլեանի եւ իրեն ընկերակցող կամաւորներուն կողմէ իրականացած այս նախաձեռնութիւնը ողջունելի եւ օրինակելի քայլ մըն է:

Share this Article
CATEGORIES