«Սկաուտը Միշտ Օգնող»

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի արենուշական խումբին, դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ծրագրուեցաւ եւ պատրաստուեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ բարեսիրական աշխատանք մը: Այսպիսով, հաւատարիմ մնալով սկաուտական դաւանանքներուն, մեկնելով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ սկաուտներուն ցանկութենէն եւ համոզումէն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Սկաուտը միշտ օգնող» նշանաբանէն, այս ծրագիրը կրկնուեցաւ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով:
Արենուշները պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ եւ զանոնք ծախեցին շրջանին մէջ: Մեծ թիւով բարեկամներ եւ շրջանի բնակիչներ քաջալերեցին տարազաւորները, եւ կարելի եղաւ ապահովել պատշաճ գումար մը: Ամբողջ տարուան ընթացքին մասնաճիւղի բոլոր սկաուտներու ճիգերով հաւաքուեցան նաեւ զանազան տեսակի անհրաժեշտ իրեր եւ հագուստեղէն:
Սուրբ Ծնունդին առթիւ, սկաուտները այցելեցին կարիքաւոր ընտանիքներու եւ ծերունիներու, միասին ժամանակ անցուցին` փորձելով տօնական ջերմ ու հարազատ մթնոլորտ ստեղծել անոնց տուներուն մէջ: Յուսալով, որ Նոր տարին բարեբեր կ՛ըլլայ բոլորին համար, նմանօրինակ աշխատանքներ պիտի շարունակուին յառաջիկային:

