Յուշեր Ճիմ Թորոսեանէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
5 յունուարին Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ճարտարագէտ Ճիմ Թորոսեանը` 85 տարեկան հասակին: Զինք սիրողներն ու յարգողները իրենց վերջին հրաժեշտն ու յարգանքը մատուցեցին 9 յունուար 2014-ին Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան կեդրոնին մէջ, ուրկէ անոր մարմինը փոխադրուած է Կոմիտասի անուան պանթէոն:
Ճիմ Թորոսեան իր բեղուն եւ ինքնուրոյն արուեստին շնորհիւ արժանացած էր «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի եւ «Ս. Մովսէս Խորենացի»-ի մրցանակներուն, Ճարտարապետներու միութեան ոսկի մետալին: Ակադեմիկոս ընտրուած էր Խորհրդային Միութեան: Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը վարած է 70-ական թուականներուն: Հեղինակն է Երեւանի գեղեցկագոյն կառոյցներէն` Կասկադին եւ Երեւանի քաղաքապետարանին, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածնի կարգ մը կառոյցներուն: Պարգեւատրուած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Ճիմ Թորոսեանի հետ ծանօթացած եմ 60-ական թուականներուն Հռոմի մէջ` հետեւեալ ձեւով. երբ ծանօթացայ Կոստան Զարեանի աղջկան` արձանագործուհի Նուարդ Զարեանին, զիս հրաւիրեց ընթրիքի, իրենց տունը: Նոյն օրը հրաւիրուած էր նաեւ Ճիմ Թորոսեանը, որ իտալական կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած էր Հռոմ` իտալական վերածնունդի արուեստն ու ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրելու համար:
Յաջորդ օր միասին գացինք Էթրիւսքներու թանգարանը եւ «Կալերիա Պորկէզ»: Տեսանք բազմաթիւ գեղեցիկ գործեր վերածնունդի վարպետներէն, յատկապէս մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Քորէժի «Տանաէ»-ն (Dana՛e), որուն առջեւ կեցանք երկար ժամանակ` հիացումով:
Երբ կը շրջէինք Հռոմի մէջ, Ճիմ Թորոսեան ցոյց տուաւ Երեւանի մէջ կառուցած իր գործերուն լուսանկարները: Երբ իմացաւ, որ ես տակաւին Հայաստան չեմ այցելած, հրաւիրեց զիս տեսնելու իրեն համար աշխարհի ամէնէն սիրելի քաղաքը` Երեւանը…: Խոստովանեցաւ, որ շատ կարօտցած էր եւ ուրիշ տեղ չէր ուզեր ապրիլ…, ուրիշ տեղ չէր կրնար ապրիլ…:
Իմ Փարիզ մեկնելէս ետք նամակով իմացուց, որ չորս օրուան համար կ՛ուզէր Փարիզ գալ, Երեւան մեկնելէ առաջ: Անմիջապէս պատասխանեցի, որ կրնար քովս հիւր ըլլալ: Երբ եկաւ Փարիզ, միասին քալելով պտտեցանք Փարիզի գլխաւոր հրապարակները` սկսելով Նոթրը տամ տը Փարիզէն, հասանք Սէնի եզերք, ապա Լուվրի թանգարան, Թիւլըրի պարտէզը կտրելով հասանք Քոնքորտ հրապարակ, որ աշխարհի մեծագոյն հրապարակն է, աջին տպաւորապաշտներու թանգարանն էր, սակայն ժամանակ չունէինք այցելելու: Շարունակեցինք դէպի Շանզ Էլիզէ ու հասանք յաղթանակի կամար: Յաջորդ օր գացինք Վերսայի պալատը, երրորդ օր` Շանթիի պալատը, որ Փարիզէն դուրս է:
Ճիմ Թորոսեան լաւ գիտէր ճարտարապետութեան պատմութիւնը, կը դասաւանդէր Երեւանի փոլիքլինիքին մէջ աւարտական դասարաններուն, իր տեսած կոթողներու մասին տեսակէտներ ու մտքեր կ՛արտայայտէր:
Չորրորդ օրը մեկնեցաւ Երեւան:
Յաջորդ անգամ զիրար պիտի տեսնէինք Պէյրութի մէջ: 1966-ին վերադարձած էի Լիբանան` 10 տարի Փարիզ մնալէ ետք: Ճիմ Պէյրութ եկած էր արուեստագէտներու խումբի մը հետ: Առանձին տեսակցութիւն մը կազմակերպուած էր մշակութային կեդրոնի մը մէջ: Ինծի տրուեցաւ Երեւանի ճարտարապետութեան մասին կարգ մը հարցումներ ուղղելու պարտականութիւնը: Ճիմ Թորոսեան ներկայացուց Երեւանի ճարտարապետութիւնը` յատկապէս Թամանեանի Երեւանի հրապարակի եւ Օփերայի նախագիծերը նկատելով գլուխ գործոցներ եւ լաւագոյն ձեւով պատասխանեց հարցումներու: Ճիմ Թորոսեանի հետ երրորդ հանդիպումը ունեցայ Ս. Էջմիածնի մէջ: Երեւան հասնելէս 2 օր առաջ ինքնաշարժի արկածով մահացած էր Պարոյր Սեւակ, ամբողջ Երեւանը սուգի մէջ էր: Կիրակի օր գացինք Էջմիածին, առանց գիտնալու, որ այդ օր եօթնօրեակի հոգեհանգիստը պիտի կատարուէր մեծ բանաստեղծին: Որպէս զբօսաշրջիկներ մեզ առաջնորդեցին խորանին մօտիկ: Ճիմ Թորոսեան խումբ մը մարդոց հետ, որոնք ինչպէս եւ ինք, ամենամօտիկ բարեկամներն էին Պարոյր Սեւակի, կեցած էր խորանին ձախ կողմը: Զիրար տեսանք ու գլխու նշանով բարեւեցինք: Հոգեհանգիստէն ետք գացինք Ճիմ Թորոսեանի տունը: Այդ օր Ճիմ, հակառակ իր ցաւին, միջամտեց ու կրցաւ վրացիները համոզել, որ Սեւակի երկու զաւակները պէտք է մնան Հայաստան իրենց մեծ մօր քով: Վրացիները կ՛ուզէին Վրաստան տանիլ զանոնք` տրուած ըլլալով, որ անոնց մայրը վրացի էր:
***
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տաք շրջաններուն կնոջս ու զաւակներուս հետ կ՛ապաստանէինք Հայաստան` կնոջս պարագաներուն մօտ:
Ամէն անգամ Ճիմ Թորոսեան մեզ կ՛ընդունէր սրտագին ջերմութեամբ. կը հրաւիրէր իր տունը եւ բազմաթիւ անգամներ ճաշարաններ: Կը յիշեմ տարի մը հրաւիրեց մեզ Սարդարապատի ճաշարանը, սակայն նախքան հոն երթալը, գացինք Արմաւիրի մէջ գտնուող գինեգործարան մը` քաղաքապետին հետ, որ բարեկամն էր Ճիմ Թորոսեանին. հոն համտեսեցինք գինիներ: Գործարանի տնօրէնը մեր հասնելէն առաջ գինիները ղրկած էր ճաշարան…:
Երեւանի մէջ, ուր որ կ՛երթայինք միասին, պետական ամենաազդեցիկ պաշտօնեաներէն մինչեւ հասարակ քաղաքացիները ամենայն ջերմութեամբ ու յարգանքով կը շրջապատէին զինք եւ կ՛ուզէին իրենց ուշադրութիւնը ցոյց տալ:
Ուրիշ անգամ մը երեսուն հոգիով գացինք Արարատ քաղաք, ուր քաղաքապետը` ի պատիւ Ճիմ Թորոսեանին, ճաշկերոյթ տուած էր: Լման ոչխարները թոնիր դրուած` կը հրամցուէին հրաւիրեալներուն: Հոն էին իր արուեստանոցին մէջ աշխատող ճարտարապետները, նկարիչ Յակոբ Յակոբեան «Սարեան» թանգարանի տնօրէն` Շահէն Խաչատրեան եւ այլ արուեստագէտներ: Այդ օր Արարատ քաղաքի երեւելիներուն ցոյց տուած յարգանքն ու սէրը Ճիմին նկատմամբ անջնջելի մնացած են յիշողութեանս մէջ:
Երանի այն արուեստագէտին, երաժիշտին, ճարտարապետին կամ բանաստեղծին, որ հռչակ կը վայելէ իր հայրենիքին մէջ ու ծառայելէ ետք իր ժողովուրդին, կը հանգչի հայրենի հողին մէջ…:
9 յունուար 2014
Պուրճ Համուտ

