Պըրրի. «Եթէ Բոլորը Համաձայն Գտնուին Կառավարութեան Կազմութեան, Ապա Ճիգ Պիտի Չխնայենք` Լուծելու Տարակարծութիւնները»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց մեծ մասը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ էին:
Հանդիպումին ընթացքին անոնք հաստատեցին իրենց վստահութիւնը Պըրրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները մինչեւ վերջ տանելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու առումով:
Անոնք շեշտեցին, որ կառավարութիւն կազմելու իմաստով դրական մթնոլորտ կը տիրէ` աւելցնելով, որ Պըրրի յանձնառու է կառավարութեան կազմութեան:
«Եթէ բոլորը համաձայն գտնուին կառավարութեան կազմութեան, ապա ճիգ պիտի չխնայենք` լուծելու տարակարծութիւնները», ըսաւ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը մաղթեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ բարեկարգումի կառավարութիւն մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

