Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակներուն Հարցը Լուծուեցաւ

Ժրայսաթի – «Քա. Վէ. Ա.»-ի վարչութիւն հանդիպումէն պահ մը
Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ «Քա. Վէ. Ա.» ընկերութեան վարչութեան հետ` ընդգծելով, որ առանց աշխատանքի նախարարութեան հետ խորհրդակցելու կարելի չէ պաշտօնեայ մը աշխատանքէ արձակել:
Ժրայսաթի հաստատեց օրէնքը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ «Քա. Վէ. Ա.»-ի վարչութիւնը գործակցեցաւ իրեն հետ եւ յետս կոչեց 9 յունուարի իր որոշումը:
Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները շնորհաւորեցին լիբանանցիները այս որոշումին համար` շեշտելով, որ իրենք իրենց դատին հետապնդումը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ կարենան դառնալ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մնայուն պաշտօնեաներ:
«Քա. Վէ. Ա.»-ի պաշտօնեաներու հարցերը հետապնդող պատասխանատու Լուպնան Մախխուլ նշեց, որ այս օրը յաղթանակի օր է եւ իրենք կրնան 100 տարի եւս տոկալ եւ քաղաքացիները մղել իրենց իրաւունքները պահանջելու:

