Բանակը Ձերբակալեց Մաժետ Մաժետի Փոխանորդը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 15 դեկտեմբեր 2013-ին Սայտայի մէջ բանակի անցարգելի մը դէմ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու փորձին հետապնդումներուն շրջագիծին մէջ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արեւմտեան Պեքաայի Քամետ Լաուզ շրջանին մէջ ձերբակալած է Քայիտայի հետեւորդ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու պատասխանատու անդամներէն Ժամալ Տաֆթարտարը, որ կը կրէր կեղծուած անձնաթուղթ մը` Մոհամետ Մասրի անունով:

Յանցագործները ձերբակալելու ընթացքին բանակը ենթարկուեցաւ յարձակումի, որուն պատասխանեց կրակ բանալով:

Բանակը կրցաւ ձերբակալել Ժամալ Տաֆթարտարը, որ լայն տեղեկութիւններ ունի «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու ղեկավար Մաժետ Մաժետի մասին եւ իբրեւ Մաժետի փոխանորդը` թեկնածու էր ստանձնելու փաղանգները ղեկավարելու պաշտօնը:

Բանակին եւ յանցագործներուն միջեւ զինեալ բախումներուն պատճառով սպաննուեցաւ  Մազեն Ապպասը, որ երկու տարի բանտարկուած է` Ֆաթհ Իսլամ ահաբեկչական շարժումին մաս կազմելու յանցանքով:

Նշենք, որ Ժամալ Տաֆթարտար 2006-էն ի վեր պահանջուած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ` տարբեր յանցանքներ գործած ըլլալուն համար:

Ան մարզումներու ենթարկուած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Թրիփոլիի մէջ, ինչպէս նաեւ գործակցած Շաքեր Ապսիի, Ապու Հուրէյրայի, Օսպաթ Անսարի ղեկավարին եւ Ֆաթհ Իսլամի հետ, մինչեւ որ հասած է «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներուն եւ անոնց կողքին կռուած է Սուրիոյ մէջ:

Բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, Տաֆթարտար Քամետ Լաուզի մէջ ձերբակալուեցաւ իր եւ իր կնոջ հետ. ան հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES