Քուէյթի Մէջ . Միքաթի Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Սուրիացի Գաղթականներու Նուիրատու Երկիրներու Ժողովին

Միքաթի` ժողովին ընթացքին
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մասնակցեցաւ Սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներու ժողովին, որ գումարուեցաւ Քուէյթի մէջ:
Իր խօսքին մէջ Միքաթի անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` նշելով, որ սուրիացի գաղթականները արդէն իսկ կը կազմեն Լիբանանի բնակչութեան մէկ չորրորդը:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը ահաւոր դարձած է` պահանջելով Լիբանանին նաեւ նիւթական նուիրատուութիւններ յատկացնել, որպէսզի ան կարենայ հոգալ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Միքաթի շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմը իր ուղղակի հետեւանքները ունեցած է Լիբանանի վրայ, յատկապէս տնտեսական առումով, որովհետեւ ներդրումները վերջ գտած են, առեւտուրն ու զբօսաշրջութիւնը սառած են, իսկ ապահովական կացութիւնը` վատթարացած:
Նշենք, որ Միքաթի Քուէյթի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց շէյխ Սուպահին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Ժապեր Մուպարաքի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Քերրի եւ Միքաթի
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Քի Մուն բարձր գնահատեց Միքաթիի յանձնառութիւնը` Սուրիոյ տագնապին ընթացքին Լիբանանը կառավարելու եւ անոր ապահովութիւնը պահպանելու առումով: Ան դրուատեց Միքաթիի կողմէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները շարունակելու յանձնառութիւնը, յատկապէս ատեանը ֆինանսաւորելու առումով:
Միքաթի Քի Մունին ներկայացուց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած կացութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան կարիքը ունի միջազգային օժանդակութեան` հոգալու համար սուրիացի գաղթականներուն պէտքերը:
Միքաթի հանդիպեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Քերրի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն որոշած է 76 միլիոն տոլարի գումար մը Լիբանանին յատկացնել` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին Քերրի շեշտեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան օժանդակութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ միջազգային ընտանիքի եւ արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին Միքաթի առաջարկեց սուրիացի գաղթականներուն համար Սուրիոյ ապահով շրջաններուն մէջ գաղթակայաններ հիմնել:

