Նախագահ Սլէյման Սալամի Հետ Շարունակեց Քննարկել Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը:

Հանդիպումին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` շեշտելով ստեղծուած ձեռնտու այս առիթէն օգտուելու եւ կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ, ինչպէս նաեւ ընդունեց փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելն ու երեսփոխան Պութրոս Հարպը:

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մսայթպէի եւ Պաապտայի միջեւ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Պըրրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր եւ Ալի Հասան Խալիլ Այն Թինէի շրջափակին մօտակայքը կատարեցին շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` փորձել լուծելու համար կարգ մը հարցեր:

Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին Ալի Հասան Խալիլ ուղղուեցաւ Մսայթպէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Share this Article
CATEGORIES