Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանը Այսօր Կը Սկսի Դատավարութիւններուն

interԼիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը այսօր Լա Հէյի մէջ պիտի սկսի դատավարութիւններուն, որոնց ներկայ գտնուելու նպատակով երէկ երեկոյեան Լա Հէյ ուղղուեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Հարիրիի կողքին Լա Հէյ ուղղուեցան նաեւ երեսփոխաններ Մարուան Համատէ եւ Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ լրագրող Մէյ Շիտիաք եւ Լիբանանը հարուածած զանազան պայթումներուն ընթացքին ինկած զոհերուն ընտանեկան պարագաներէն ներկայացուցիչներ:

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին թիրախ դարձուցած պայթումին յանցանքով ամբաստանեալները ի բացակայութեան պիտի դատուին: Դատավարութեան ներկայ պիտի գտնուին Լիբանանի յատուկ դատական ատեանին անդամ բոլոր դատաւորները, իսկ դատավարութիւնը պիտի ընթանայ երեք լեզուներու թարգմանութեամբ` արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքի սկիզբին նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ըստ սահմանադրութեան, լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու կը մնայ միջազգային օրինականութեան եւ անոր որոշումներուն:

«Դէպի արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն ուղղուող Միջազգային դատական ատեանի այս սկիզբը հաստատ քայլերով պէտք է սկսիլ եւ ցոյց տալ, որ բոլոր ոճրագործութիւնները եւ բռնարարքները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան հաստատեց, որ արդարութեան կշիռքը կը մնայ աւելի ազդու եւ աշխուժ, քան` ոճրագործութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մնայ հիմնասիւն` պահպանելու համար ընկերութեան եւ անհատին անվտանգութիւնը:

Միջազգային դատական ատեանին դատավարութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 27 յունուար, սակայն դատավարութեան յետաձգումը իր կարգին նախատեսելի է:

Share this Article
CATEGORIES