Քննչական Մարմինը Վերացուց Շանթ Յարութիւնեանի Հետ Տեսակցելու Արգելքը

Shant-Haroutiounian5 նոյեմբերի իրադարձութիւններէն ետք բանտարկուած Շանթ Յարութիւնեան եւ անոր ընկերները մինչեւ նախանցեալ օր իրենց հարազատներուն հանդիպելու կարելիութիւն չէին ունեցած:

Քննիչները կը պնդէին, որ տեսակցութիւնները կրնան խոչընդոտել նախաքննութեան ընթացքը: Նախանցեալ օր ջնջուեցաւ հանդիպումներու արգելքը:

Արգելքի վերացման լուրը ստանալուն պէս Շանթ Յարութիւնեանի որդին եւ կինը շտապեցին դատապարտեալներու հիւանդանոց: Յարութիւնեանի կինը փոխանցեց, որ իրաւապահները չեն բացատրած, թէ ինչո՛ւ արգելքը հանած են: «Մեզի համար անակնկալ էր: Ես չեմ կրնար ըսել, թէ ինչո՛ւ արգելքը հանուած է: Կրնայ ըլլալ մեր պայքարին արդիւնքն է: Ես այդպէս կը կարծեմ», յայտնեց Յարութիւնեանի կինը` Ռուզան Բադալեան:

Յարութիւնեան հիւանդանոց տեղափոխուած էր աւելի քան երկշաբաթեայ հացադուլէն ետք: Դատապարտեալներու հիւանդանոցին մէջ ան դադրեցուց հացադուլը, սակայն կը շարունակէ մնալ բժիշկներու հսկողութեան ներքեւ:

Ռուզան Բադալեան աւելցուց, որ գլխաւոր բժիշկը յայտնած է, որ Յարութիւնեանի առողջական վիճակը բնականոն է:

Share this Article
CATEGORIES