Ականի Պայթումի Պատճառով. Ազրպէյճանցի Մը Վիրաւորուեցաւ Հայաստանի Սահմանին Վրայ
Հայաստանի հետ սահմանին վրայ հակահետեւակային ականի պայթումի պատճառով վիրաւորուած է Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանի Ղարալար գիւղի 40-ամեայ բնակիչ Հիտայան Մուսէյիպովը:
Վկայակոչելով ազրպէյճանական «Քեփեզ Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդագրութիւնը` «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Մուսէյիպով ոտքի վնասուածքներու պատճառով տեղափոխուած է Թովուզի կեդրոնական շրջանային հիւանդանոց, ուր անդամահատած են անոր աջ ոտքի մատները:
CATEGORIES Հայկական

