Ղարաբաղի Բանակին Մէջ Զինուած Մը Մահացած` Հիւանդութեան Պատճառով
13 յունուարի գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի բանակի` հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ հիւանդութեան պատճառով մահացած է 21-ամեայ զինուոր Հայկ Մակարեան: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
«Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորուստի վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայկ Մակարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

