Ազրպէյճանական Կողմէ ԵԱՀԿ-ի Առաքելութիւնը Չ՛առաջնորդեր Դէպի Իր Յառաջապահ Դիրքերը

OSCE1Ըստ 15 յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան, ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկում կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի Կուրոպատկինօ բնակավայրի հիւսիսային ուղղութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի դիրքերէն դիտարկում կատարեցին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով (Պուլկարիա) եւ Իրժի Ապերլէ (Չեխիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի աշխատակից Փիթըր Սվետպըրկը:

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկման խումբի մէջ կը մտնէին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Եւգենի Շարով (Ուքրանիա) եւ Ուիլիըմ Փրայըր (Մեծն Բրիտանիա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած: Սակայն ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը չէ առաջնորդած դէպի իր յառաջապահ դիրքերը:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Share this Article
CATEGORIES