Հանդիպում` Պելճիքայի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ
Երէկ, ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Զուիցերիոյ մնայուն եւ լիազօր դեսպան Պենետիքթ Տը Սերժայի` ներկայութեամբ նաեւ կցորդ Ուրսինա Էկենշուիլերի, դիմելով, որ դեսպանը փոխանցէ Զուիցերիոյ կառավարութեան` բողոքելու Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի 17 դեկտեմբերի Փերինչեք – Զուիցերիա վճիռին դէմ, որ կը դատապարտէր Զուիցերիան Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդած ըլլալուն համար եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը` իբրեւ այդպիսին ընդունուելուն համար:
Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը, դեսպան Տը Սերժայի ներկայացուց Փերինչեք – Զուիցերիա դատավարութեան հիմնական կէտերը եւ վճիռին հիմնաւորումները, որոնց հիման վրայ բողոքարկուած է Զուիցերիոյ դաշնային դատարանի Տ. Փերինչեքի գործով վճիռը:
Դեսպանը իր հարցադրումներով տեղեակ պահուեցաւ հարցին ընդհանուր հանգամանքներուն եւ հայութեան դիրքորոշումներուն ու Զուիցերիոյ կողմէ որոշումին դէմ բողոքարկման անհրաժեշտութեան: Նաեւ ներկայացուեցաւ Փերինչեքի կանխամտածուած մարտահրաւէրը Զուիցերիոյ դէմ` Ցեղասպանութեանց մերժման քրէականացման օրէնքին նկատմամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին, նման վճիռ մը, որ իրաւականօրէն առաջինն է, որ Ցեղասպանութեան մերժումը ենթակայ կը դասէ խօսքի ազատութեան իրաւունքին, շատ անգամ` հակասական եւ անհիմն բացատրութիւններով, ճամբայ կը բանայ Եւրոպայի մէջ (եւ ոչ միայն) հակահայ դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ կը հզօրացնէ թուրք ծայրայեղ շարժումները` խեղդելով արդարութեան կոչերը եւ հաշտութեան հիմնական սկզբունքը:
Հայ դատի յանձնախումբը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Զուիցերիոյ դեսպանին ամէն կերպով աջակցութիւն ցուցաբերելու, որ բողոքարկումը ստանայ պաշտօնական ընթացք: Զուիցերիա պէտք է բողոքարկէ վերոնշեալ վճիռը` մեկնելով իր ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներէն` առիթ տալով, որ հայ ժողովուրդին դէմ որդեգրուած այս ապակողմնորոշիչ վճիռը գտնէ իր ճիշդ ուղին, նաեւ Զուիցերիան տէր կանգնի իր քրէական օրէնքներուն եւ դէմ դնէ անոնց խախտման պարագաներուն, իր երկրի օրէնքները ըստ իր նախատեսութեան գործադրելու իրաւունքին:
Հանդիպման աւարտին յանձնախումբը նշեց, որ դեսպանին տեղեակ պիտի պահէ այս հարցին յառաջընթացին մասին` յոյս յայտնելով, որ Զուիցերիա բողոքարկէ վճիռը:

