«Կազային Համաձայնագիրը Ստրկացուցիչ Պայմաններով Կնքուած Համաձայնագիր Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան
Կազային համաձայնագիրներու վերաբերեալ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երեք հիմնական հարցեր առանձնացուցած էր իր վերջին հարցազրոյցին մէջ` 300 միլիոն տոլարի պարտքը, «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան 20 առ հարիւրի վաճառքը եւ մինչեւ 2043 թուական կազամատակարարման մարզին մէջ «Կազփրոմ»-ին մենաշնորհ տալը. Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ ասոնք ՀՅԴ-ի կողմէ դրուած հարցերուն միայն մէկ մասն են:
Բաղդատմամբ երկրորդ նախագահին` պատգամաւորը նկատել կու տայ, որ 300 միլիոնի պարտքը պարզապէս չէր կրնար ձեւաւորուիլ: «Ասիկա համակարգի մը արդիւնքն է, որ պարզապէս հասարակութենէն կը խլէ իր սեփականութիւնը: Պարտք, իբրեւ այդպիսին, չէր կրնար ձեւաւորուիլ, ալ ուր մնաց, որ պետութիւնը պարտաւորութիւն կրէր այդ ամէնուն համար: 20 առ հարիւրի վաճառքին մասով իմ շեշտադրումս քիչ մը ուրիշ է. ես կարեւոր չեմ նկատեր 20 առ հարիւրի զուտ ֆիզիքական մեծութիւնը», ըսաւ պատգամաւորը:
Ըստ անոր, ի վերջոյ այդ 20 առ հարիւրէն բոլոր ժամանակներուն Հայաստանի կառավարութիւնը եւ իշխանութիւնները երբեք չեն օգտուած: Այսինքն` այն, որ կառավարութիւնը կրնար պարտադրել անկախ փորձաքննութիւն, շարք մը գործարքներու մասով «Կազփրոմ»-ին պարզապէս զրկել որոշումներ տալու կարելիութենէն եւ այլն, այդ ամէնէն մենք չենք օգտուած: Պատգամաւորը նշեց, որ իրատեսական չէ յոյս ունենալ, թէ որեւէ իշխանութիւն կ՛օգտուի այդ 20 առ հարիւրի ընձեռած կարելիութիւններէն:
«Ինծի աւելի շատ կը մտահոգեն այն պարտաւորութիւնները, զորս մենք ստանձնած ենք այդ համաձայնագիրով: Իսկ այդ պարտաւորութիւնները պարզապէս կ՛ոչնչացնեն Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման այն բոլոր հեռանկարները, որոնք դուրս են «Կազփրոմ»-ի պատկերացուցած կամ գծած շրջանակներէն: Ասիկա զիս կը մտահոգէ, եւ ես նոյնիսկ կը նկատեմ, որ այդ 20 առ հարիւրը կարելի էր նուէր տալ Ռուսիոյ, միայն թէ չստանձնէինք այդպիսի պարտաւորութիւններ: Իսկ 20 առ հարիւրին դիմաց վճարումը ինչպէս եկաւ պիւտճէ, այնպէս ալ ետ գնաց «Հայռուսկազարդ»-ին», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան:
Մինասեան ընդգծեց, որ մինչեւ 2043 թուականի մենաշնորհը կապուած է այդ պարտաւորութիւններուն հետ, բայց մինչեւ 2043 թուականը մենաշնորհ տրամադրելը որքան ալ առարկայական հիմքեր ունենայ, այնուամենայնիւ, կը պարունակէ հսկայական ենթակայական տարրեր` սկսեալ անկէ, որ Հայաստան, փաստօրէն, կը զրկուի այլընտրանքային ուժանիւթ արտադրելու կամ ապահովելու բոլոր մեքանիզմներէն, աւարտած անով, որ ինքնիշխան ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն վարելու տեսակէտէն «մենք զմեզ կը զրկենք որեւէ համարժէք որոշում տալու կարելիութենէն»:
Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ ասոնք հարցեր են, որոնք Հայաստանի իշխանութիւնները, ներկայ կամ ապագայ, միանշանակ պէտք է մտահոգեն: «Ատիկա էր պատճառը, որ մենք` Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերս, որոշեցինք գոնէ հիմքեր ստեղծել հետագային այս հարցը վերատեսութեան ենթարկելու համար, առնուազն վիճայարոյց դարձնելով համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթը», ըսաւ պատգամաւորը` շարունակելով, թէ իրենց նախաձեռնութեամբ նաեւ պայմաններ կը ստեղծեն, որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իսկապէս կարենայ այս համաձայնագիրները վերատեսութեան ենթարկելու պահանջ դնել:
«Ասիկա ստրկացուցիչ պայմաններով կնքուած համաձայնագիր է», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան:
Միւս կողմէ, Արծուիկ Մինասեան Nyut.am-ին ըսաւ, որ հաշուի առնելով, որ կառավարութիւնը իր նախորդ ծրագիրներէն ոչ մէկը ամբողջապէս կատարած է, բացառութեամբ առանձին դրուագներու, որոնք մասնակի դրական արդիւնքներ արձանագրած են, ընդհանուր գնահատականներով` ասիկա ձախողած կառավարութիւն է, եւ այս կառավարութեան օրով, ըստ էութեան, հանրապետութիւնը թէ՛ տնտեսական, թէ՛ կենսամակարդակի առումով բացասական արդիւնքներու հասած է:
Անդրադառնալով 18 յունուարին սպասուելիք ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի հանրահաւաք-երթին` ՀՅԴ պատգամաւորը նշեց, որ «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի» նախաձեռնութեան հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են որոշ մանրամասնութիւններ, որոնց շարքին նաեւ 18 յունուարին հանրահաւաքի եւ երթի մանրամասնութիւնները: Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերը եւս պիտի մասնակցին հանրահաւաք-երթին` անով վերահաստատելով այն, որ համակարծիք են քաղաքացիական ընդվզումին հետ: Այս միասնութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ անգամ մը եւս Սահմանադրական դատարանի ուշադրութիւնը հրաւիրելու օրէնքի վիճայարոյց դրոյթները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք չեղեալ նկատելու վրայ:
«Բացի անկէ, կան նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ եւս, որոնք տակաւին քննարկումներու հանգրուանին մէջ կը գտնուին: Հիմնական խնդիրը կու գայ անկէ, որ Սահմանադրական դատարանի որոշման համաձայն, որոշ յանձնարարականներ տրուած են թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ Կեդրոնական դրամատան եւ թէ՛ միջազգային փորձառութեան ուսումնասիրութիւն իրականացնող աշխատանքային խումբին` վերլուծութիւններ կատարելու համար: Մենք ալ կը պատրաստուինք համապատասխան վերլուծութիւններ կատարել եւ մօտեցումներ առաջ քաշել», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Ան յոյս յայտնեց, որ 18 յունուարին տեղի ունենայ բազմամարդ հանրահաւաք եւ երթ, հասարակութեան պահանջները աւելի յստակ եւ նպատակաուղղուած ըլլան: 18 յունուարին Հայաստանի քաղաքացիները անգամ մը եւս պիտի իրազեկուին Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի բացասական կողմերուն մասին, ինչ որ իշխանութիւնները ամէն ձեւով կը փորձեն թաքցնել:

