Սիտորֆի Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզը Աւարտեցաւ

Քլարենս Սիտորֆ (ձախին)

Քլարենս Սիտորֆ (ձախին)

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ Քլարենս Սիտորֆ Պրազիլի մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

37 տարեկան հոլանտացին 2012-ին Ա. Սէ. Միլանը լքելով միացաւ պրազիլական խումբերէն Պոթաֆոկոյին:

Հակառակ անոր որ ան ցարդ ոչ մէկ խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած է, սակայն ըստ անոր գործակատար Տեպորահ Մարթինի, ան երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ա. Սէ. Միլանի տոմարներուն վրայ` յաջորդելով պաշտօնանկ եղած մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի:

Share this Article
CATEGORIES