Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա – Պէյրութի Դրամատուն` 1-1

sadakaԼիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ:

Լիբանանի ախոյեան Սատաքա, որ առաջին մրցումին պարտուած էր Պէյրութի դրամատունէն, երէկ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (կիսախաղ` 2-2) հաւասարեցուց արդիւնքը (1-1):

Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 18 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES