Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Քոթանճեան Աւելիով Ամրացաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Երէկ` չորեքշաբթի, 15 յունուարին տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Տղոց մրցումներուն Տիգրան Քոթանճեան աւելիով ամրացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ` յաղթելէ ետք Ռոպերթ Յովհաննիսեանին: Ան այժմ ունի 3,5 կէտ եւ մէկ կէտով կը գերազանցէ իր անմիջական մրցակիցը` Կարէն Գրիգորեանը, որ ունի 2,5 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, իր կարգին նոյնքան կէտով պարագլուխի դիրքին վրայ առանձնացած է Մարիա Գէորգեան, որ երէկ յաղթեց Անահիտ Գէորգեանին: Նարինէ Գասպարեան 3 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

