929 Միլիոն Դրամը Ե՞րբ Պիտի Տրամադրուի Հայաստանի Մարզական Ֆետերասիոններուն
2014 տարին աստիճանաբար կը մտնէ իր հունին մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ պետական աջակցութիւն ստացող մարզական շարք մը ֆետերասիոններ ցարդ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է անցընեն տարին, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` երէկ հրապարակած իր լուրին մէջ:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ցարդ չէ հրապարակած, թէ պետական պիւտճէէն տրամադրուող 929 միլիոն դրամը ի՛նչ ձեւով պիտի բաժնէ: Անոր իբրեւ հետեւանք մարզական ֆետերասիոնները անորոշ վիճակի մատնուած են:
Խօսքը կը վերաբերի այն ֆետերասիոններուն, որոնք կը գոյատեւեն պետական միջոցներով եւ կայուն հովանաւորներ չունին:
Օրինակ, ըմբշամարտի պարագային այսպիսի հարց չկայ, որովհետեւ այս մարզաձեւին մէջ մեծ գումարներ կը ներդրէ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան:
Նախորդ տարիներուն մարզական ֆետերասիոնները իրենց համար յատկացուող գումարի չափին մասին կը տեղեկանային նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն եւ ըստ այնմ կը կազմէին եկող տարուան օրացոյցը: Սակայն այս անգամ նախարարութիւնը առայժմ չի կրնար հրապարակել այդ որոշումը:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ նախորդ տարիներուն պետական աջակցութիւն ստացած են մարզական 30 ֆետերասիոններ:

