Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Փորձուածը փորձելը անօգուտ է, աշխատանքի ձեւ ըլլայ թէ բարեկամութիւն: Հետեւեցէք ձեր նախազգացումին, որ անսխալ կրնայ ըլլալ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երէկուան ձեր տուած որոշումը պիտի փոխէք այսօր, որովհետեւ պիտի անդրադառնաք, թէ համապատասխան չէ ձեր կարելիութեան եւ խառնուածքին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ոմանք կ՛ուզեն օգտուիլ ձեր բարեացակամ կեցուածքէն: Ձեւով մը հասկցուցք այդպիսիներուն, թէ դուք մնայուն կթան կով չէք: Իմաստութիւնը թող ըլլայ ձեր առաջնորդը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հոգեմտաւոր հարցերը պիտի հետաքրքրեն ձեզ: Հեռու պիտի մնաք խաբուսիկ երեւոյթներէ: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, զոր կը սիրէք: Օրը բարի է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Համբերութիւնը գնահատելի ուժ մըն է, որուն եթէ ենթարկուիք օգուտ կը քաղէք անոր զօրութենէն: Անհամբերութիւնը կը վնասէ ձեր վարկին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարազատներով պիտի համախմբուիք ուրախ սեղանի մը շուրջ` վերյիշելով յիշատակելի պատահարներ: Մէկ կողմ պիտի դնէք անյարմար երեւոյթները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր սպասած դատը պիտի լուծուի ի նպաստ ձեզի: Եթէ քիչ մը ուշացում ըլլայ, հոգ մի՛ ընէք, համբերութեամբ կը շահիք բարին: Օրը յաջող է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աւելորդ գործեր մի՛ բարդէք արդէն ծանրաբեռնուած օրուան վրայ: Ձեր աշխատանքային ժամերը դասաւորեցէք միշտ նուազագոյն չափով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կարծէք, թէ անբախտ էք, երբ ձեր ակնկալած հարցը լուծում չէ գտած: Այս իրողութիւնը ուսանելի դաս մը պիտի ըլլայ ձեզի, որ շուտով չհաւատաք անուշ լեզուով արտայայտուած խօսքերու:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պարծենկոտութիւնէ խրտչիլը խոնարհութիւն է, այսուհանդերձ գիտցէք, որ չափազանց խոնարհութիւնը կը վնասէ ձեր յառաջդիմութեան. խելքի եկէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր բախտին աստղը ձեզ պիտի տանի հոն, ուր բնաւ երթալու միտք չունէիք: Հաւատաք թէ ոչ, կայ բախտ կոչուած ուժ մը, որ երբ բարիք գործէ, ձեզմէ ալ՛ չի հեռանար: Օրը ձեզի պիտի հասկցնէ այս իրողութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տէրը եղէք ձեր մուրհակներուն, ճիշդ ժամանակին հանդիպեցէք դրամատուն: Յարգուած ժամադրութիւնը ձեզ պիտի արժանացնէ անկեղծ յարգանքի:

Share this Article
CATEGORIES