50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1964)

Կեանքը Հայաշէն Թաղին Մէջ

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ
30-
ամեակի Տօնակատարութիւնը

Աւանդութիւն դարձած սովորութեան մը համաձայն, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեծ հանդիսութեամբ եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան կատարուեցաւ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը:

Ազգայիններ ութ ոչխարներ նուիրած էին եկեղեցւոյ` մատաղի համար: Տիկնանց յանձնախումբի մը, թաղականութեան ատենապետին եւ անդամներուն օժանդակութեամբ ամբողջ շաբաթ գիշեր աշխատեցան մատաղներով պատրաստելու աւանդական ճաշը` յաջորդ առաւօտ բաժնելու համար հաւատացեալներուն:

Կիրակի, 12 յունուար 1964-ի առաւօտեան մեծ եռուզեռ կար թաղին մէջ: Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներով, իսկ եկեղեցւոյ մայր պողոտային վրայ, ճամբուն երկու կողմերը կարգի կեցած էին սկաուտներ, արծուիկներ եւ Ազգային Թորգոմեան վարժարանի երկսեռ աշակերտները` իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով եւ լիբանանեան դրօշակներով: Թաղի մուտքին պաստառի մը վրայ գրուած էր «Բարի եկաք սրբազան հայր» եւ «Հովիւ քաջ եդ զանցն իւր ի վերայ հօտին իւրոյ»:

Թաղականութեան ատենապետ Արամ Միրագեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը գնաց Անթիլիաս` դիմաւորելու համար սրբազան հայրը:

Ժամը 8:00-ին շքախումբը ժամանեց Հայաշէն:

Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի կ՛ընկերանային Եզնիկ վարդապետ Բալայեան, Մաշտոց վրդ. Յովսէփեան, երկու սարկաւագներ:

Դպրաց դասի երկսեռ դպիրները Հայաշէնի մուտքէն սկսեալ «Հրաշափառ»-ով կ՛առաջնորդէին շքախումբը: Սրբազան հօր ոտքերուն առջեւ զենուեցաւ ոչխար մը, մինչ ժողովուրդը կը ծափահարէր, սրբազան հայրը կ՛օրհնէր զանոնք:

Տպաւորիչ եւ հոգեպարար պատարագ մը մատոյց առաջնորդ սրբազանը եւ թելադրիչ քարոզ մը տուաւ: Պատարագին ներկայ էին պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, Ազգային Գաւառական ժողովի անդամներ Օննիկ Չերքէզեան եւ Արամ Ամասեան:

Եկեղեցւոյ արարողութեան աւարտին սրբազան հօր աջը առնելու համար Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ հաւաքուած էին Հայաշէնի միութիւններու վարչականներն ու պատասխանատուները: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան թաղականութեան անունով բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր:

Սրբազան հայրը օրհնեց եւ թելադրեց, որ միութիւնները միասնաբար աշխատին եւ գիտակցին իրենց պարտականութիւններուն ու պարտաւորութիւններուն:

Հայաշէնի հայութեան կողմէ խօսք տրուեցաւ՛ Աբրահամ Ոսկերիչեանին:

Ան յիշեց, որ այս տարի Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան երեսնամեակն է: Ան պատմեց, թէ 1933-ին ինչպէս հանգուցեալ Գասպար Իփէկեան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հանգանակութեան սկսած էր, թէ ժողովուրդը ինչպէս սրտաբուխ կերպով իր մասնակցութիւնը բերած:

Ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Լիբանանի ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի լայն օժանդակութեամբ Հայաշէն այսօր ունի իր Ժողովրդային տունը, որք մեր սերունդին առջեւ կը բանայ լայն հորիզոն, մարզականէն սկսեալ մինչեւ մշակութային գործի:

Ապա մատնանշեց երկու կէտեր, որոնք կը կարօտին վերատեսութեան ու խորհրդածութեան:

Այդ կէտերէն մէկը ազգային մարմիններու ու արդէն իսկ ծանօթ հողային հարցն է, որ դատի տակ է եւ անոնց վրայ կան բազմաթիւ ընտանեկան բոյներ, որոնք անորոշութեան մէջ են:

Երկրորդ կէտով յիշեց, որ մեր թաղը 1933-1938 մակընթացութեան շրջան մը ունեցած է, եկեղեցի ու դպրոց հիմնուած, իսկ անկէ վերջ տեղատուութիւն մը սկսած է: Հակառակ անոր որ մեր եկեղեցին ու դպրոցը Պէյրութի առաջին քարէ շինուած հաստատութիւններէն եկած են մինչ ուրիշ շրջաններ խեղճ վիճակի մէջ, սակայն այսօր պատկերը հակառակն է, քանի որ մինչ ուրիշ շրջաններ նախանձելի վիճակի մը տիրացած են, իսկ մերը մոռցուած:

Աւանդական ճաշկերոյթի ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը յայտնեց, որ նոր դպրոցի մը կառուցումը մեր ալ փափաքն է եւ անհրաժեշտ է 1964-ի ընթացքին այդ մասին քայլեր առնել: Ազգային Գաւառական ժողովի անդամներ` Օննիկ Չէրքէզեան եւ Արա Ամասեան խոստացան այդ ուղղութեամբ աշխատիլ:

Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան առիթով յայտնուած մտքերը ամէն հայու սրտին խօսող բարեբաստիկ պատեհութիւններ են եւ անմահութեան երաշխիք մը Ազգային վարժարանի մը ճակտին վրայ իր անունը փորագրուած տեսնել փափաքող լաւ հայու մը: Այլապէս մեր ժողովուրդը փոքր լումաներով ալ գիտէ օժանդակել դպրոցի մը:

Աստուծոյ թելադրութեամբ թող սրտերը բուխ դառնան:

ՄԵՂՐՈՒՆԻ

 

Արիւն Տուէք
Լիբանանեան Կարմիր Խաչին

Արիւն տալը, երբ մարդ առողջ է, կրնայ միայն օգտակար ըլլալ: Մեր նախնիքը շատ լաւ գիտէին ասիկա եւ յաճախ արիւն կու տային: Արիւնը, ազնուագոյն նիւթը, ո՛չ պէտք է գնուի, ո՛չ ալ ծախուի, այլ նուիրուի անոնց, որոնք անոր պէտք ունին ապրելու համար:

Լիբանանեան կարմիր խաչը քանի մը տարիէ ի վեր, պայքար բացած է արեան մթերքներ ապահովելու համար, որպէսզի զանոնք ներարկէ անարիւնութենէ տառապողներու եւ արկածեալներու:

Արիւն տուողները պիտի ստանան մասնաւոր վկայագիրներ իրենց բարեգործութեան համար: Այս վկայագիրով իրաւունք պիտի ունենան Կարմիր խաչի շնորհաբաշխումէն օգտուելու, եթէ իրենք ալ օր մը արեան պէտք ունենան:

18-55 տարեկան բոլոր մարդիկը կրնան առանց վտանգուելու արիւն տալ: Նախ իրենց արիւնը կը քննուի, արեան ճնշումը կը ստուգուի եւ արեան այլ տկարութիւններ երեւան կը հանուին: Ենթական այդպիսով տեղեակ կ՛ըլլայ իր առողջական վիճակին մասին:

Արիւն տալու ընթացքին, բժիշկ մը տեւական հսկողութեան տակ կ՛առնէ ենթական:

Կարմիր խաչին արիւն տալով կ՛օգնէք փրկելու վաղահաս ծնունդները, անարիւնութենէ տառապողները, գործողութեան ենթարկուողները, այրուցք ստացողները, վիրաւորները, արկածեալները եւ արիւնահոսութեան ենթարկուած անձերը:

Ընդհանրապէս, ժողովուրդն է, որ արիւն կը պահանջէ: Երբեմն ալ հիւանդանոցները կը բարեխօսեն իրենց չքաւոր հիւանդներուն համար: 1960-էն ի վեր, Կարմիր խաչի տոմարներուն մէջ արձանագրուած անուններուն թիւը հասած է 500-ի: Արիւն տուողներու մեծ մասը օտարներ են: Անցեալ տարի, ամերիկեան 6-րդ նաւատորմի զինուորներէն մօտ 110 հոգի իրենց արիւնը տուած են սիրայօժար կերպով:

Հայերը շատ քիչ թիւով մասնակցած են այս պայքարին: Ցարդ միայն 18 հայեր արիւն տուած են: Կարմիր խաչի ղեկավարութիւնը կը յուսայ, թէ հայերը եւս այսուհետեւ լայն մասնակցութիւն պիտի բերեն այս շարժումին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES