Արուեստի Աշխարհէն. Ձիու Քանդակներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿԱՄ` ՀՈՂԻՆ ՈՒԺԸ: «ՏԸ ՔՈՒԼ ՀԱՆԹԸՐ» ԿԱՅՔԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԴԱՐԵՐԸ ԿԱՄՐՋՈՂ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾԻ ՄԸ ՎԻԹԽԱՐԻ ԳՈՐԾԵՐԸ:
Նիք Ֆիտիըն-Կրինի ձիու քանդակին հանդիպեցանք յուլիսին, Քասթելլօ տի Ռեսքիոյի մէջ (Իտալիա), ուր քանդակագործը ապսպրանք մը կ՛ամբողջացնէր շքեղ ապարանքին տիրոջ` Անթոնիօ Պոլցա դուքսին համար: Եւ անշուշտ անոր քանդակած նիւթը ձի մըն էր, հսկայական ձի մը, որ այս պարագային Անթոնիօ դուքսին նախասիրած Փունթոն է, ծնած եւ մեծցած` Ռեսքիոյի մէջ:
«Անշուշտ» կ՛ըսենք, որովհետեւ բրիտանացի քանդակագործը, որ սովորաբար կը ստեղծագործէ Կիլտֆըրտի (Սըրի, Բրիտանիա) մէկ բլուրին վրայ գտնուող իր արուեստանոցին մէջ, երեք տասնամեակէ ի վեր համակուած է ձիու գլուխներ քանդակելու գաղափարով:
Այն օրէն ի վեր, երբ Ֆիտիըն-Կրին Բրիտանական թանգարանին մէջ տեսած է Աթէնքի Փարթենոնէն բերուած լուսնի Սիլենէ աստուածուհիին մէկ ձիուն գլուխը պատկերող Ն.Ք. 5-րդ դարու քանդակը, ան աշխատած է կատարելագործել ձիու գլուխ մը վերարտադրելու ձեւը, ինչպէս նաեւ` տիրապետել մոմէ կաղապարով քանդակներ ձուլելու հնադարեան արհեստագիտութեան: Ֆիտիըն-Կրին կը ստեղծագործէ կաւով, գաճով, ծեծուած կապարով եւ մարմարով: Ան անձամբ կը վերահսկէ իր քանդակները ձուլելու աշխատանքին:
Ֆիտիըն-Կրինի վիթխարի եւ դասական ժամանակներէն ներշնչուած ձիու գլուխները ցուցադրուած են աշխարհի տարածքին տարբեր վայրերու եւ հռչակաւոր կեդրոններու մէջ: Անոնցմէ մէկը, որ կը կոչուի «Սթիլ ուոթըր» (անշարժ ջուր) կը պատկերէ 9 մ բարձրութեամբ ձիու գլուխ մը, որ ջուր կը խմէ: Անիկա զետեղուած է Լոնտոնի Մարմարէ Կամարին քով:
Անուանի աստղերու համար եւս անդիմադրելի են Ֆիտիըն-Կրինի գործերը, որոնք մաս կը կազմեն Ճ. Ք. Ռոուլինկի, Ռինկօ Սթարի, Թոմ Քրուզի եւ Ռասըլ Քրաուի հաւաքածոներուն:
Քասթելլօ տի Ռեսքիոյի մէջ իր գործին մասին խօսելով` քանդակագործը կ՛ըսէ. «Ռեսքիոյի մէջ ի յայտ բերի ներշնչման նոր աղբիւր մը, ո՛չ միայն որովհետեւ ուսումնասիրեցի Անտալուսիայէն բերուած այս հրաշալի ձիերը, այլ ներշնչուեցայ այստեղի լոյսէն, բոյրերէն, բլուրներէն, հնադարեան անդորրութեան մը զգացողութենէն, որ կը տիրէ այս հողին վրայ, այն օրէն, երբ Ս. Ֆրանսիս կը թափառէր այս բլուրներուն վրայ եւ անկէ առաջ, մինչեւ էթրիւսքներու ժամանակները: Իրօք, ինքնին այստեղի օդը, այս հողը, որուն վրայ բազմած է Ռեսքիոն, նոր կրակ մը վառեց իմ ստեղծագործութեանս մէջ»:

