Արուեստի Աշխարհէն. Ո՞վ Է Արուեստագէտը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԲՆԱՒ ՄՏԱԾԱ՞Ծ ԷՔ ԳԾԵԼ ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՄԸ ՊԱՏԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՆՄԱՆ ԵՐԱԶ ՄԸ:
Թանգարանի մը մաքրամաքուր պատերը տեսնելով` գէթ ակնթարթի մը համար մեր մէջ կ՛արթննայ անոնց արգիլեալ մակերեսին հպելու ցանկութիւն մը: Ի վերջոյ հասած է այն օրը, երբ այս երազը իրականութիւն կը դառնայ Նիւ Միւզիըմի մէջ:
Անիկա մաս կը կազմէ Փաուի Ալթամըրի զետեղման արուեստի գործին, որ Նիւ Եորք քաղաքին արուեստի այս կեդրոնին ամբողջ 4-րդ յարկը կը վերածէ իւրայատուկ սպիտակ գրատախտակի մը, որուն վրայ ամէն ոք կրնայ գծել: Զետեղման արուեստի այս գործը կը կրէ «Տրաֆթցմէն՛զ քոնկրես» (գծագրողներու համաժողով) վերնագիրը: Անիկա առաջին անգամ անցեալ տարի ներկայացուած է Պերլինի երկամեայ 7-րդ փառատօնին: Ցուցահանդէսին ընթացքին ակնդիրներ առիթը պիտի ունենան արուեստագէտ դառնալու եւ իրենց դրոշմը ձգելու անուանի թանգարանին պատերուն վրայ:
Ալթամըր իր գործը կը նկարագրէ իբրեւ «յարատեւ հանդիպումը մարդոց, որոնք բառերու փոխարէն կը խօսին պատկերներով եւ զանգուածները կը հրաւիրեն իրենց կարծիքները արտայայտելու կրօնի, քաղաքականութեան, ուժի եւ խաղաղութեան վերաբերեալ (անշուշտ կը նախատեսենք նաեւ հայհոյանքներու եւ ցպիկէ կերպարներու անվերջանալի շարքեր):
«Կ՛ուզէք քաղաքավար եղէք կամ անքաղաքավար, երկչոտ կամ ցասկոտ. պատկերներու ճակատամարտ մը մղեցէք այլոց դէմ,- կ՛ըսէ արուեստագէտը:- Պատկերացուցէք ձեր սէրը, ձեր ատելութիւնը, ձեր կարծիքները եւ պահանջները: Ճշմարտութիւնը հրապարակեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք»:
Բաւական ներշնչուեցա՞ք արդէն: Հրաշալի գաղափար մըն է, թէեւ դրուած օրէնքը այնքան ալ չի տարբերիր սրճարաններու բաղնիքները կառավարող օրէնքներէն: Այսուհանդերձ, անդիմադրելի է թանգարանին պատերուն հպելու մեր մղումը:
Զետեղման արուեստի այս գործը միայն մէկ մասն է Ալթամըրի ամբողջական ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Տը նէյպըրզ» (դրացիները) վերնագիրը: Անիկա լեհ արուեստագէտին թանգարանային առաջին ցուցահանդէսն է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ պիտի ընդգրկէ քանդակագործութեան աշխատասենեակներ, ինչպէս նաեւ տեսերիզներու շարք մը` «ուղեղի այսպէս կոչուած ալիքներ եւ առեղծուածային այլ երեւոյթներ» վերնագիրով:
Ալթամըրի զետեղման արուեստի գործը քայլ մը առաջ կը տանի «յարաբերական գեղագիտութեան» գաղափարը. թանգարաններու մէջ ժողովրդականութիւն վայելող ուղղութիւն մը, որ ակնդիրներէն կը պահանջէ մաս կազմել արուեստի գործերու, այս պարագային` իրապէս ստեղծելու: Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, եթէ արուեստագէտներ շարունակեն առաջ տանիլ այս «ծանր» ուղղութիւնը:

