Արուեստի Աշխարհէն. Բոլորին Երազը` Հնավաճառէն Գնուած Թանկարժէք Իրը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Եզակի յայտնաբերում մը` Վան Տայքի մէկ դիմանկարը:
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ՄԷԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ` «ԷՆԹԻՔՍ ՌՈՏՇՕ» Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԷՆԹԸՆԻ ՎԱՆ ՏԱՅՔԻ ԹԱՔՈՒՆ ՄԷԿ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ:
Ֆիոնա Պրուս, որ կը ներկայացնէ «Պի. Պի. Սի.»-ի արուեստի գործեր արժեւորող «Էնթիքս Ռոտշօ» յայտագիրը, ունեցած է նախազգացում մը եւ ի յայտ բերած է իրական Վան Տայք մը:
Գեղանկարը գնուած է 400 փաունտի: Անոր պատկանելիութիւնը ստուգուելէ ետք գինը բարձրացած է 400 հազար փաունտի:
Ճէյմի Մաքլէոտ անունով կրօնաւոր մը, որ կը բնակի Տերպիշըրի մեկուսացած իր բնակարանին մէջ, իր գնած գեղանկարը 2012-ին տարած է Նոթինկհամշըրի Նիւսթետ վանքը: Այժմ ան կը ծրագրէ վաճառել17-րդ դարու ֆլեման գեղանկարիչին դիմանկարը եւ նոր զանգեր գնել եկեղեցիին համար:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են գեղանկարին մասին, երբ կրօնաւորը զայն ներկայացուցած է Էնթիքս Ռոտշոյի մէկ յայտագիրին նկարահանումին առիթով:
Պրուս, որ յայտագիր մը կը նկարահանէր գեղանկարիչին մասին, գեղանկարը տեսնելէ ետք մտածած է, թէ անիկա հաւանաբար իրական էր:
Գեղանկարին վերանորոգութենէն ետք Վան Տայքի աշխարհահռչակ մասնագէտ Քրիսթաֆըր Պրաուն հաստատած է անոր պատկանելիութիւնը:
Կրօնաւորը գեղանկարը գնած է Չեշըրի մէջ հնավաճառէ մը: Անիկա յայտագիրին 36 տարուան պատմութեան մէջ ի յայտ եկած ամէնէն թանկարժէք գեղանկարն է:
Հայր Ճէյմի իր փորձառութեան մասին կ՛ըսէ. «Զգացական պահ մըն էր, հրաշալի լուր մըն էր»:
Վան Տայք Անգլիոյ պալատական գլխաւոր գեղանկարիչն էր Չարլզ թագաւորին օրով եւ կը նկատուի 17-րդ դարու գեղանկարչութեան վարպետներէն մէկը:
Գեղանկարը կը պատկերէ Պրիւքսելի մէկ դատաւորը: Անիկա հաւանաբար մաս կը կազմէր գործի մը, որ կը պատկերէր 7 դատաւորներ:
Պրուս կ՛ըսէ. «Ամէն ոք կ՛երազէ գլուխ գործոց մը ի յայտ բերել: Գերերջանիկ կը զգամ: Իրական Վայն Տայք մը յայտնաբերելը շատ ուրախալի փորձառութիւն մըն է: Շատ ուրախ են հայր Ճէյմիի համար»:
«Նման բացայայտումներ շատ արտասովոր են եւ հազուագիւտ», կ՛ըսէ այլ մասնագէտ մը` Ֆիլիփ Մոլտ:
«Ներկի խաւերու ետին թաքնուած գեղանկարին յայտնութիւնը ցնցնիչ էր: Այս գործը հոյակապ մէկ օրինակն է Վան Տայքի սուր դիտարկութեան, որ իրեն ապահոված է հրաշալի դիմանկարիչի համբաւ», կ՛աւելցնէ ան:
Վան Տայքի մէկ ինքնանկարը վերջերս վաճառուած էր հաւաքածոյ պահողի մը, որ այժմ կ՛ուզէ զայն դուրս բերել Բրիտանիայէն:
Պետութիւնը զայն երկրէն դուրս հանելու դէմ արգելք դրած է, իսկ Նեշընըլ փորթրէյթ Կալըրին կը փորձէ 12.5 միլիոն փաունտ գոյացնել` զայն պահելու համար Բրիտանիոյ մէջ:

