Արուեստի Աշխարհէն. Սառոյցով Քանդակելու Արուեստը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Էն-Մարի Թապերտօ կ՛աւարտէ սառոյցէ շինուած իր մէկ ստեղծագործութիւնը:
ՍԱՌԱԾ ՋՈՒՐԸ ՄԻԱՅՆ ԶՈՎԱՑՈՒՑԻՉ ԽՄԵԼՈՒ ՉԻ ԾԱՌԱՅԵՐ: ԱՆԻԿԱ ՆԱԵՒ ՄԻՋՈՑ ՄԸՆ Է ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ` ՑՈՒՑԱԴՐԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՔԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆԸ: ՃԷՅՄԻ ՄԵՐԻԼ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՑՈՒՐՏ ՁՄՐԱՆ ՔԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՄՐՑԱՆՔԸ:
Էն-Մարի Թապերտօ ցուրտ օրեր կը դիմագրաւէ պատրաստուելով Լոնտոնի սառոյցով քանդակելու փառատօնին, ուր կը գլխաւորէ բրիտանացի քանդակագործներու խումբը: Կէսօրէ ետք ան պիտի պաշտպանուի տաքուկ հագուստներով, պիտի բանեցնէ իր ելեկտրական սղոցը, պիտի բարձրանայ աստիճան մը` շարունակելու համար իր աշխատանքը սառուցեալ գլուխ գործոցի մը վրայ, որ շինուած է երկու թոն ծանրութեամբ սառոյցէ:
Թապերտօ կը քանդակէ գործ մը, որուն բնոյթը խիստ գաղտնի կը պահէ: Միայն կ՛ըսէ, թէ անիկա «շատ բրիտանական է» եւ մասամբ ներշնչուած է պատկերասփիւռի «Տաունթաուն Ապի» յայտագիրներու շարքէն: Սակայն ան նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ իր փառաւոր տեսքով քանդակը պարտութեան մատնէ սառոյցի վրայ քանդակող միջազգային 20 արուեստագէտներու գործերը, որոնք կը բարձրանան Լոնտոնի սովորաբար մռայլ Քեների Ուորֆ ելեւմտական թաղամասին մէջ:
Մրցանքը տեղի կ՛ունենայ 6-րդ տարին ըլլալով, իսկ 27 տարեկան Թապերտօ միայն մէկն է այն բազմաթիւ արուեստագէտներէն, որոնք իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն սառոյցի վրայ քանդակելու արուեստով, որ հետզհետէ աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ աշխարհի տարածքին: Թապերտօ իր մրցակիցներուն պէս ստեղծագործել սկսած է իբրեւ աւանդական քանդակագործ, իր պարագային` Բրիտանական թանգարանին մէջ, նախքան սառոյցի վրայ քանդակելը: Այժմ ան կը գլխաւորէ Այս Պաքս Լանտըն քանդակագործներու խումբը, որ մինչեւ 350 փաունտ կը պահանջէ` հարսանիքներու առիթով վոտքա խմելու յատուկ սառոյցէ քանդակ մը շինելու համար:
Վոտքա խմելու յատուկ սառոյցէ քանդակները տարիներէ ի վեր ժողովրդականութիւն կը վայելեն հարսանեկան ամսաթերթերու մէջ: Թապերտոյի համաձայն, անոնց նորաձեւութիւնը պիտի շարունակուի: Այսուհանդերձ, սառոյցէ քանդակներու առեւտրական շուկան միայն վոտքա խմելու փառահեղ «ծծակներու» չի վերաբերիր: «Անոնք մաս կը կազմեն սառոյցէ քանդակներու ճարտարարուեստին, սակայն շատերը ապսպրանքէ մը աւելին են եւ ստեղծագործական յատկանիշ մը ունին», կ՛ըսէ Թապերտօ:
Վոտքա խմելու յատուկ սառոյցէ քանդակները հաւանաբար իրենց դերը ունին սառոյցէ քանդակներու շուկային ծաղկումին մէջ, սակայն անցեալ շաբաթավերջին Լոնտոնի սառոյցով քանդակելու փառատօնը հաստատ կերպով կը վերաբերէր սառոյցով քանդակելու արուեստին: Իսկ բրիտանացի քանդակագործներու խումբը կը յուսար քաղել իր աշխատանքին պտուղը, մինչ խումբին անդամները տարբեր տեսակի եւ չափի սղոցներ կը գործածէին` քանդակին մանրամասնութիւնները ստեղծելու համար: «Քանդակագործութեան մէջ սառոյցը շատ իւրայատուկ նիւթ մըն է` բաղդատած փայտին եւ քարին,- կ՛ըսէ Թապերտօ: – Անկախ անոր բացայայտ գեղեցկութենէն, մտերմութիւն մը կը զգաս, երբ կը քանդակես սառոյցով: Իսկ եթէ վատ գործ մը քանդակեցիր, հարց չէ, անիկա յաջորդ օր կը հալի եւ կ՛աներեւութանայ»:
Փառատօնին համար կ՛օգտագործուին մարդկային ձեռքով շինուած սառոյցի հսկայական շերտեր, որոնք բերուած են Պելճիքայի մէջ յատուկ գործարանէ մը: Սառոյցի այս շերտերուն պատրաստութիւնը այնքան ալ պարզ չէ: Այսինքն` անոնք չեն պատրաստուիր հսկայական սառամաններու մէջ ջուր լեցնելով եւ զանոնք հսկայական սառցարաններու մէջ դնելով:
Պէտք է ամբողջ թթուածինը պարպել անոնց մէջէն, որպէսզի սառոյցի կտորներ չթռին, երբ արուեստագէտներ սկսին քանդակել անոնց վրայ: Այսուհանդերձ, այս տեսակի սառոյցով աշխատիլը հաճելի չէ սառոյցի վրայ «մաքրակրօն» քանդակողներու համար, ինչպէս` Պեն Ռուսօ. ձեւագծող մը, որ ապսպրանքներ իրագործած է Շուէտի Բեւեռային Շրջանակին (Արքթիք Սըրքըլ) Սառոյցէ պանդոկին համար, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ Ռիճընթ Սթրիթի Սառոյցէ գինետան: Ռուսօ մաս կը կազմէ սառոյցի վրայ քանդակող արուեստագէտներու փոքր հաւաքականութեան մը, որ կ՛օգտագործէ միայն Շուէտի յորդառատ Թոռն գետին սառոյցէն կտրուած շերտեր: «Բնական սառոյցը օժտուած է այնպիսի ջինջ յստակութեամբ, որմէ զուրկ է արուեստական սառոյցը: Սակայն որեւէ տեսակի սառոյցով քանդակելու հաճոյքը այն է, որ կարելի է գործածել մեծ ծաւալի շերտեր եւ շատ արագ ձեւաւորել գործ մը», կ՛ըսէ ան:
«Կը սիրեմ այն գեղեցիկ ձայները, որոնք կ՛արձագանգեն, երբ չափազանց սուր գործիքով մը կը շերտես սառոյցը. չոր, գեղեցիկ, սուլող ձայներ են անոնք»:
Քերըլ Քորտրի, արուեստի քննադատ մը, որ կը կազմակերպէ Լոնտոնի սառոյցի ձրի փառատօնը, համաձայն է, թէ այս ձայնը հրաշալի է. «Մարդիկ կ՛այցելեն` տեսնելու համար փառաւոր աշխատանքը եւ կը գինովնան` ի տես իրենց սղոցներով սառոյցի հսկայական շերտերուն վրայ յարձակող արուեստագէտներուն պարզած տեսարանին եւ անոնց հանած ձայներուն: Պարզապէս հիացած կը դիտեն այս բոլորը», կ՛ըսէ ան:
Իսկ սառոյցէ քանդակներու ամէնէն զարմանահրաշ վայրը Չինաստանի Հարպին քաղաքն է: Անցեալ շաբաթ շուրջ 10 հազար աշխատաւորներ երկաթէ գաւազաններով սառոյցի կտորներ դուրս բերին Սոնկհուա գետէն` Հարպինի Սառոյցի եւ ձիւնի 30-րդ միջազգային փառատօնին սառոյցի վիթխարի զանգուածները ապահովելու համար: Հարպինի փառատօնը կը ներգրաւէ շուրջ մէկ միլիոն այցելուներ, որոնք ապշահար կը դիտեն Հռոմի ամփիթատրոնին, Ասիոյ տաճարներուն եւ Չինաստանի ճարտարարուեստական եւ առեւտրական դրամատան սառոյցէ նմանակները:
Բրիտանիոյ մէջ տակաւին դրամատուներու նմանակները չենք քանդակեր եւ մեր քանդակներուն ծաւալը նոյնքան վիթխարի չէ, սակայն ինչ որ ալ ստեղծեն քանդակագործները, անոնք չեն կրնար կանխարգիլել իրենց գործերուն անհետացումը: Ռուսոյի համար հարց չէ այս: «Սառոյցով քանդակելու գեղեցկութիւնը այն է, թէ գործդ ի վերջոյ պիտի հալի, հետեւաբար պէտք չունիս չափէն աւելի հոգածութիւն ցուցաբերելու: Ուրախ կը զգաս, որ անիկա կը կերպարանափոխուի եւ կը շրջուի ժամանակի ընթացքին», կ՛ըսէ ան:
Թապերտօ սառոյցի վրայ քանդակելը կը կոչէ «ժամանակաւոր արուեստ»: Ան մտահոգ չէ, որ իր գործը պիտի հալի եւ Քեների Ուորֆը յաջորդ առաւօտ պիտի վերադարձուի լուրջ հանդերձանքով իր պաշտօնեաներուն:

