«Ճարտարարուեստի Մարզն Է Երկրին Տնտեսութեան Ողնասիւնը, Իսկ Լիբանանեան Արտադրութիւնները Այլոց Հետ Մրցելու Չափանիշները Կը Լրացնեն» Կ՛ըսէ Վրէժ Սապունճեան
Թարգմանեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Վրէժ Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան «Լիուա» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին մէջ` կ՛անդրադառնայ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին, անոր կարեւորութեան, երկրին կարեւորագոյն արտադրութիւններուն, անոր պարզած իրավիճակին, ներկայ դժուարութիւններուն եւ ապագայ մարտահրաւէրներուն:
Այս սիւնակներով ամբողջական կերպով կը ներկայացնենք հարցազրոյցը` անոր շահեկանութեան համար:
Նախարար Վ. Սապունճեան լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին շարունակականութիւնը ապահովելու համար մեծ օժանդակութիւններ տրամադրեց գործարաններուն` նկատի ունենալով, որ երկրին ճարտարարուեստի մարզը կը դիմագրաւէ ծախսալից ըլլալու հարցը:
«Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքին համար վճարուող գումարները բաւական մեծ են, հետեւաբար գործարաններուն համար կրցանք ապահովել աւելի նուազ գինով ելեկտրականութիւն: Այս ծառայութենէն օգտուեցան տուրմի, պիստակեղէնի, անուշեղէնի եւ այլ արտադրութիւններ ապահովող լիբանանեան շարք մը հաստատութիւններ, որոնք 1991-էն ի վեր կը դիմագրաւէին ելեկտրականութեան հոսանքին հսկայական գումարներ վճարելու հարցը», ըսաւ ան:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ նախարարութիւնը կրցած է երաշխաւորել նաեւ թուղթի եւ ալիւմինիոմի արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ ճարտարարուեստներ:

Վրէժ Սապունճեան Կիպրոսի հետ կը ստորագրէ գործակցութեան համաձայնագիր մը` հովանաւորութեամբ երկու երկիրներուն նախագահներուն:

Նախարար Սապունճեան կը հովանաւորէ կրթութեան նախարարութեան եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ համաձայնութիւն մը:

Նախարար Սապունճեան կ՛այցելէ լիբանանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէս մը:
Համեմատաբար աւելի փոքր ճարտարարուեստներու պահպանման օժանդակելու մասին, Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ նախարարութիւնը համաձայնագիրներ ստորագրեց կարգ մը դրամատուներու հետ, որպէսզի անոնք այս փոքր գործարաններուն ցած տոկոսներով վարկեր տրամադրեն, ինչպէս նաեւ առիթ տան անոնց քանի մը ամսուան համար վարկերուն մուրհակները չվճարելու:
Ան յայտնեց նաեւ, որ ճարտարարուեստի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ճարատարարուեստի մարզի ներկայացուցիչ բոլոր գործարաններուն եւ ձեռարուեստի կեդրոններուն համար ձրիաբար տրամադրուած է սրահ մը, ուր տեղի կ՛ունենան ցուցահանդէսներ եւ իւրաքանչիւր հաստատութիւն կը ներկայացնէ իր արտադրութիւնները:
Այս ծրագիրին յաջողութեան համար Վ. Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին:
«Լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին վիճակը 2013-ին շատ աւելի լաւ է, որովհետեւ կառավարութիւնը հոգատարութիւն ցուցաբերած է այդ մարզին, իսկ ես` իբրեւ նախարար, անձամբ եւ օրական դրութեամբ կապի մէջ եմ գործարարներուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն հետ», ըսաւ ան:
Լիբանանեան արտադրութիւններ Սուրիոյ կողմէ ներածման եւ անոր ապակայունութեան պատճառով լիբանանեան տնտեսութեան ու զբօսաշրջութեան ստացած լուրջ հարուածին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները լուրջ եղան Լիբանանի համար, աւելցնելով, որ ժխտական այդ անդրադարձը բարեփոխելու համար հարկ է վերադարձնել Պաալպեքի փառատօնները, որոնք երկրին ապահովական կայունութեան ցուցանիշներ են, ինչպէս նաեւ կը բարգաւաճեցնեն զբօսաշրջութեան մարզը:
Ան ըսաւ, որ հարկ է Պաալպեքի մէջ փոքր պանդոկներ կառուցել` նկատի ունենալով, որ արաբական առումով Պաալպեքի փառատօնները կը նկատուին լաւագոյնը, առանց մոռնալու նաեւ անոնց միջազգային ըլլալու հանգամանքը:
Կառավարութեան եւ նախարարութեան մէջ իր փորձառութեան մասին խօսելով` Վ. Սապունճեան նշեց, որ կառավարութեան մաս կազմութեան առաջին հանգրուանին ինք մեծ գաղափար մը չէ ունեցած պետական մարզին աշխատելաձեւին մասին, սակայն ամիսներ ետք սկսած է լաւապէս ըմբռնել պետական մարզին գործելաձեւը:
Իսկ նախարարութեան մէջ ունեցած իր փորձառութեան առումով, Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ դրած է օգտակար դառնալու Լիբանանին, ինչպէս որ Լիբանան իրեն օգտակար դարձած է` յաջող գործարար մը ըլլալու առումով: Հայկական առումով տիրական է ո՛չ միայն ստանալու, այլեւ` ծառայելու եւ նուիրելու մշակոյթը, իսկ տալու զգացումը գեղեցկագոյն զգացումներէն է, յատկապէս երբ չես գիտեր, թէ որո՞ւ կը նուիրես», ըսաւ Վ. Սապունճեան:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ներդաշնակ էր` աւելցնելով, որ իր գործունէութեան ընթացքին ինք բոլոր նախարարութիւններուն կողմէ գործակցութիւն շօշափած է:

Վ. Սապունճեան` Լիպնորի ընկերակցութեամբ:
Ճարտարարուեստի նախարարութեան համար իր կատարած իրագործումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ինք չէ կրցած իրականացնել այն, ինչ որ կը փափաքէր իրականացնել` նկատի ունենալով ժամանակի տուեալը: «Կարելի է ըսել, որ ճարտարարուեստի նախարարութեան մէջ արձանագրած են շարք մը նուաճումներ, սակայն հակառակ արձանագրուած նուաճումներուն մեծ համեմատութեան, չեմ փափաքիր ինքնաթմբկահարել», նշեց ան:
Անդրադառնալով նախարարութեան տրամադրուած պիւտճէին` նախարար Սապունճեան յայտնեց, թէ անիկա համեստ պիւտճէ մըն է, որ կը հասնի երեք միլիոն տոլարի:
«Այս իմաստով ես դիտողութիւններ ունիմ, որովհետեւ ասիկա կառավարութեան ամէնէն փոքր պիւտճէն ունեցող նախարարութիւնն է: Նախարարութիւնը կարիքը ունի 127 պաշտօնեայի, սակայն ներկայիս կան 96 պաշտօնեաներ: Այս պայմաններուն ներքեւ, ճարտարարուեստի իւրաքանչիւր նախարար իր անձնական հաշիւէն պէտք է վճարէ», յայտնեց ան:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ երկրին ճարտարարուեստի մարզին վիճակը կրնար աւելի լաւ ըլլալ, եթէ նախկին կառավարութիւնները այդ մարզին հոգ տանէին եւ բարգաւաճելու առիթներ ստեղծէին:
«Նախքան այս կառավարութեան գործունէութիւնը, լիբանանցի ոչ մէկ պատասխանատու երկրին ճարտարարուեստին նկատմամբ նախանձախնդիր կ՛ըլլար, այլեւ` կ՛աշխատէր Լիբանանը ծառայութիւններու երկրի մը վերածելու ուղղութեամբ, ինչ որ սխալ է: Ինչպէս Լիբանանի մէջ կան ծառայութիւններուն ու զբօսաշրջութիւնը, նոյնպէս ալ գոյութիւն ունին ճարտարարուեստն ու երկրագործութիւնը: Իսկ երկրի մը կայունութիւնը ապահովելու համար հարկ է անոր տնտեսութիւնը հաւասարակշռուած տնտեսութեան վերածել», ըսաւ ան:
Շարունակելով խօսիլ ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին` Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ մեծագոյն հարցը կալուածներու հարցն է, նկատի ունենալով անոնց սղութիւնը:
«Եթէ գործարար մը որոշէ գործարան մը շինել, ապա ան իր գործարանին կահաւորումէն եւ սարքաւորումէն հինգ անգամ յաւելեալ գումար պէտք է տրամադրէ` ապահովելու համար իր գործարանը սարքելու հողաշերտ մը կամ կալուած մը: Այս իրականութիւնը ժխտական լուրջ հետեւանքներ ունի ճարտարարուեստի մարզին վրայ: Լիբանանի մէջ կան մեծ թիւով գործարարներ, որոնք կը փափաքին ընդարձակել իրենց գործարանները կամ զանոնք դէպի աւելի յարմար վայրեր փոխադրել, սակայն անոնք անկարող են նման քայլերու դիմելու` նկատի ունենալով կալուածներուն եւ վարձքերուն սղութիւնը», շեշտեց Վ. Սապունճեան:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն աւելի պէտք է հոգատարութիւն ցուցաբերել քաղաքացիներուն մեծամասնութեան նկատմամբ, որոնք միջակ եւ համեստ դասակարգի մարդիկ են: Առաջինին պէտք է դիւրութիւններ տրամադրել, իսկ համեստ դասակարգին օժանդակել եւ ոչ թէ աջակցիլ հարուստ դասակարգին, որ անոր կարիքն իսկ չունի:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի մարզին մէջ հարկ է ներդրումներ ապահովել, խոցելի նկատելով այն կէտը, որ լիբանանցին կը նախընտրէ բնակարանային համալիրներ եւ շալէներ կառուցել, քան` գործարանները:
Պատասխանելով Պէյրութի նաւահանգիստէն եւրոպական վաճառանիշով արտադրութիւնները խորհրդանշական տուրքերով դուրս բերելու եւ Լիբանանի մէջ վաճառելու մասին հարցումի մը` Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ եթէ այդ տեղեկութիւնները ճիշդ են, ապա այդ իրականութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէ լիբանանեան ճարտարարուեստին վրայ:
«Այս մասին ոչ մէկ գործարար բողոքած է կամ մատնանշում կատարած: Այս տեղեկութիւնները հիմնականին մէջ կը լսենք տարբեր լրատուամիջոցներէն», ըսաւ ան:
Արաբական երկիրներուն մէջ լիբանանեան արտադրութիւններուն շուկաներուն ակնարկելով` Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի մէջ լիբանանեան արտադրութեան շուկայ գոյութիւն ունի, աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ այդ երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները բացառիկ են:
«Միւս կողմէ սակայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները արաբական բոլոր երկիրներուն արտադրութիւնները կը ներածէ, բացի լիբանանեանը, որուն հիմնական մրցակիցը Տուպայի արտադրութիւններն են:

Ճարտարարուեստի նախարարը կը քաջալերէ ձեռարուեստը:
Լիբանանցի գործարարներուն իմ խորհուրդս պիտի ըլլայ այն, որ լիբանանեան արտադրութիւններուն շուկաները կը գտնուին Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Իրաքի մէջ եւ ոչ թէ Ա. Մ. Էմիրութիւններուն», շեշտեց Վ. Սապունճեան:
Ճարտարարուեստի նախարարը հաստատեց, որ լիբանանեան արտադրութիւնները այլոց հետ մրցելու չափանիշները կը լրացնեն եւ օտար երկիրներու մէջ լաւ շուկաներ ունին` աւելցնելով, որ պէտք է մնայուն կերպով աշխատիլ, ինչպէս նաեւ քայլ պահել գիտական զարգացումներուն հետ` լիբանանեան արտադրութիւններուն որակը բարելաւելու համար:
Լիբանանի մէջ կարգ մը գործարաններու փակումին մասին Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր եւ յատկապէս ապահովական կացութիւնը պատճառ չէ դարձած, որ ճարտարարուեստի յատուկ գործարաններ փակուին: «Շուրջ երեք տարուան մէջ ես նման տեղեկութիւն մը չեմ ստացած, բացի այն հազուագիւտ պարագաները, որոնք սնանկութիւն յայտարարած են` գործարանը լաւ կերպով չտնօրինելու եւ աշխատանքները սերտուած ձեւով չկազմակերպելու պատճառով», նշեց ան։
Ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճման յատուկ ծրագիրներուն մասին նախարար Սապունճեան ըսաւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի լիբանանեան արտադրութիւնները Լիբանանի տարածքին գործող ՄԱԿ-ի բոլոր կազմակերպութիւններուն կատարած գնումներուն առանցքը դարձնելու:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ներդրումներու ցանցը ընդարձակելու համար անհրաժեշտ է աշխուժացնել Պէյրութի սակարանը:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ առողջապահութեան մարզին վերաբերող տուրքերը նուազեցնելու համար ճիգ չէ խնայուած, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ լիբանանեան արտադրութիւններուն տուրքերը 50 առ հարիւրով նուազած են:
Ան նշեց, որ նախարարութիւնը կ՛աշխատի նաեւ Իրաքի եւ Ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ լիբանանեան արտադրութեանց կարեւոր շուկաներ բանալ:
Վ. Սապունճեան եզրափակեց ըսելով, որ ինք կը հաւատայ լիբանանեան պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն հզօրացման, օրէնքին գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բազմազանութեան պահպանումին:

