1917-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Աթաթուրքն Ու Սթրազպուրկի Նահանգապետի Խօսակցութիւնը
Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող թուրք պատմաբան Սայիթ Չեթինօղլուի «Մուսթաֆա Քեմալին եւ Հայկական հարցին ուղղուած համեստ լրացում» խորագիրով յօդուածը զետեղուած է քրտական «Կելաուեժ» կայքին վրայ:
Չեթինօղլու իր յօդուածի սկիզբը կը նշէ, որ Մուսթաֆա Քեմալ իթթիհատական աւանդոյթներով զինուած քաղաքական գործիչ էր: Չեթինօղլուն Քեմալի կերպարի ուսումնասիրման համար կը մէջբերէ Քլաուս Քրէյսըրի «Աթաթուրքի կենսագրութիւն» գիրքին մէջ ներկայացուած փաստեր:
«1917-ին, Մուսթաֆա Քեմալ սուլթան Վահտետտինի հետ արտասահմանեան գործուղումներու կը մեկնէր, իբրեւ յատուկ պատուիրակ: Այստեղ կը ներկայացնեմ Քրէյսըրի յիշատակումը, ուր Աթաթուրքի խօսքերը բաւական յստակ են: Վահտետտինի հետ գործուղման մեկնած Մուսթաֆա Քեմալ գերմանացի նահանգապետի հետ ճաշի ժամանակ կրկնեց Իթթիհատ վէ Թերրաքիի` հայերու վերաբերեալ խօսքերը: Խօսակցութիւնը շարունակեց Սթրազպուրկի այն ժամանակուան նահանգապետ Նիքոլաուս վոն Տալվի»:
Քեմալ արդէն 1926-ին այդ խօսակցութիւնը հետեւեալ կերպ կը պատմէ. «Գերմանացի նահանգապետը համարձակեցաւ ինծի ըսել, որ հայերը լաւ մարդիկ են, իսկ թուրքերը անոնց դէմ յարձակումներ գործած են եւ վատ վերաբերուած: Ես շատ զարմացայ, որովհետեւ ան հզօր նահանգապետ էր, ես հիւր էի եւ ի վերջոյ, մենք դաշնակիցներ էինք:
«Ես անոր հարցուցի, թէ ան ինչո՞ւ հայերու մասին այդպիսի բան կ՛ըսէ, երբ հայերը իբրեւ ազգ ներկայացնել փորձող եւ անոնց գոյութիւնը ապացուցել ուզողները ատով աշխարհը կը խաբեն ու Թուրքիոյ վնաս կը հասցնեն:
«Ես չկրցայ ինքզինքս զսպել եւ շարունակեցի` ըսելով, թէ շատ տարօրինակ է, որ մենք այդքան զոհեր տուած ենք, իսկ ան կը մտածէ, թէ Թուրքիոյ հողերուն վրայ հայ ազգ կրնայ ըլլալ: Այդ ատեն Տալվից պնդեց, որ ան այդ ամէնը լսած է եւ իր սեփական կարծիքը չէ: Ես անոր ըսի, որ եկած եմ գերմանական բանակի վիճակին մասին իմանալու, ոչ թէ հայկական հարցը քննարկելու», ըսած է Քեմալ:
«Մուսթաֆա Քեմալ արդէն 1926-ին, երբ ատոր մասին յայտարարեց, կրնար քանի մը բան չարտայայտուիլ, սակայն ան չըրաւ: Քեմալի տեսակէտը շատ սարսափելի է: Այսինքն, հայերը երկար տարիներ ոչինչ ընելով` կորսնցուցած են ազգ կոչվելու իրաւունքը», գրած է Սայիթ Չեթինօղլու:

