Երկու Թուրք Պատմաբաններ Կը Բողոքեն Հայկական Հարցին Մէջ Տաւութօղլուի Ըսածներուն Դէմ. «Եթէ Կառավարութիւնը Հանրային Կարծիքէն Չքաշուի, Ցեղասպանութեան Պնդումը Պիտի Ընդունի»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Սեւծովեան Համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ներկայ գտնուելու համար վերջերս Երեւան գացած էր: Նախարարը Երեւան երթալէ առաջ յայտարարած էր, որ` «բացարձակապէս չենք իւրացներ տեղահանութեան որոշումը, տեղահանութիւնը անմարդկային արարք է»: Տաւութօղլու Երեւանի մէջ ալ յայտարարած էր, որ Թայիփ Էրտողանի ու Ապիւլլահ Կիւլի զօրակցութեամբ էր, որ 2005-ին կայացած էր համագումար մը, որուն ընթացքին պաշտպանուած էր այն գաղափարը, թէ ցեղասպանութիւն կատարուած է: Ահմէտ Տաւութօղլուի այս յայտարարութիւնները, ըստ Ուլուսալ Քանալի կողմէ հաղորդուած լուրին, նշաւակ դարձաւ թուրք պատմաբաններու բուռն բողոքին:
Թուրք պատմաբանները ուրիշներ չեն, եթէ ոչ թուրք պատմութեան խորհուրդի նախկին նախագահ ու այժմ «Մէ. Հէ. Փէ.» կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու ու Հայկական հարցերով զբաղող Մեհմէտ Փերինչէք: Երկու անուններ, որոնք արդէն Հայկական հարցին մէջ պաշտօնական տեսակէտի պաշտպանութեան ախոյեաններ են:
Ի՞նչ Կ՛ըսէ Հալաճօղլու
Հալաճօղլու, «Այտընլըք» թերթին մէջ կարծիքներ յայտնած է Տաւութօղլուի վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ: Հալաճօղլու պնդած է, որ Հայկական բացուածք կոչուած երեւոյթին կամ այլ արարքներուն եթէ նայուի, կարելի է համոզուիլ, որ կառավարութիւնը, եթէ իրեն ձգուի, վաղուց պատրաստ է ընդունելու, որ հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է: Կառավարութիւնը պատրաստ է նաեւ զիջողութիւններ ընելու հայերուն:
«Երբ ես «պատմութեան խորհուրդ»-ի նախագահն էի, շատ լուրջ աշխատանք կատարած էինք այս նիւթին շուրջ: Այս խնդիրն է, որ արդէն պատճառ դարձաւ, որ ես այս պարտականութենէն հեռացուիմ: Համոզուած եմ, որ կառավարութիւնը այս խնդրին մէջ ճշմարտութիւններուն կարեւորութիւն չի տար: Անոր փափաքն է Միացեալ Նահանգներու փափաքներուն գոհացում տալով` մերձենալ հայերուն ու Հայաստանը քաշել դէպի Միացեալ Նահանգներու կողմը: Այս պատճառով ալ կառավարութիւնը պատրաստ է զիջումներ ընելու: Եթէ կառավարութիւնը հանրային կարծիքէն չքաշուի, արագօրէն կ՛ընդունին ցեղասպանութեան պնդումը: Կառավարութիւնը մօտաւորապէս նոյնը ըրաւ Կիպրոսի մէջ: Հարցը հանրաքուէի տարաւ: Կիպրոսը այլեւս մեր ձեռքը չէ: Հիմա պիտի տեսնենք, թէ կառավարութիւնը որեւէ պատրաստութիւն կը տեսնէ՞ 2015-ը դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Պիտի տեսնենք: Իմ ըսածները պիտի իրականանան», ըսած է Հալաճօղլու:
Ի՞նչ Կ՛ըսէ Մեհմէտ Փերինչէք
Իսկ պատմաբան Մեհմետ Փերինչէք, որ կը ներկայացուի որպէս մէկը, որ ուսումնասիրութիւններ ըրած է Հայկական հարցին շուրջ, հետեւեալ խօսքերով մեկնաբանեց Ահմէտ Տաւութօղլուի յայտարարութիւններն ու Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը:
«Թուրքիա մինչեւ այսօր կարգ մը նուրբ խնդիրներու մէջ իր կարմիր գիծերը ունէր: Ասոնցմէ էին Հայկական հարցը կամ Կիպրոսի խնդիրը: Այս երկու խնդիրներուն մասին ո՞ր կառավարութիւնն ալ գործի գլուխ գար, քաղաքականութիւնը չէր փոխուեր, կարմիր գիծերը կը յարգուէին, այդ գիծէն անդին չէին անցներ: Բայց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակութիւն կառավարութիւնը բոլորովին տարբեր ուղի մը բռնեց Թուրքիոյ այս հիմնական կարմիր գիծերու քաղաքականութեան մէջ: Կիպրոսի հարցին մէջ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը շահագրգռող շատ տարբեր քաղաքականութիւն մը մշակուեցաւ: Հայկական հարցին մէջ ալ տարբեր քաղաքականութեան մը գործադրութիւնը կը տեսնենք: Այս բոլորը կը վնասեն Թուրքիոյ ազգային շահերուն: Այս վերջին խնդրին էութեան մէջ ամերիկացիներու փափաքը կայ: Ամերիկացիները կ՛ուզեն Հայաստանը Թուրքիոյ միջնորդութեամբ փրցնել Ռուսիայէն ու զայն կապել Միացեալ Նահանգների: Ասիկա Հայկական բացուածք ըսուած շարժումով սկսաւ: Հայկական բացուածք կոչուածը վերջացաւ շատ մեծ ձախողութեամբ: Այս արդիւնքին մէջ իրենց դերն ունէին թուրք հանրային կարծիքէն եկող բողոքները: Կառավարութիւնը հիմա նոյնը կենդանացնել կը ջանայ: Սկսան արտասանել խօսքեր, որոնք Հայաստանի դիմաց շատ նեղ կացութեան պիտի մատնեն Թուրքիան, որոնք պատճառ պիտի դառնան, որ Թուրքիա նահանջէ: Տաւութօղլուին խօսքերը ճշմարտութեան հետ որեւէ կապ չունին»:
Երկու պատմաբաններու այս մեկնաբանութիւնները բաւական խօսուն են այս հարցերու մօտէն հետեւողներուն համար:

