ՎԻԼԱՍ- ՊՈԱՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՉԵԼՍԻԻ ՄԱՐԶԻՉ

Չելսիի նոր մարզիչը` Վիլաս-Պոաս

Չելսիի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ փորթուգալցի Անտրէ Վիլաս-Պոաս նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Փորթոյի նախկին մարզիչը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ:

Իր կազմին միացնելու համար 33 տարեկան Վիլա-Պոասը` Չելսի անոր ակումբին` Փորթոյի վճարեց 21,5 միլիոն ամերիկեան տոլար, որպէսզի վերջինիս ստորագրած պայմանագրութիւնը` Վիլաս-Պոասի հետ, չեղեալ նկատուի:

Այսպիսով, Վիլաս-Պոաս Չելսիի նախագահ Ռոման Ապրամովիչի ժամանումէն ետք (2003) հանդիսացաւ մարզիչ նշանակուած եօթներորդ անձը: Նշենք, որ ան ցարդ «Փրեմիեր լիկ»ի ամէնէն երիտասարդ մարզիչն է:

Share this Article
CATEGORIES