ԵԱՒՐՈՒԵԱՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԱՍ ԿԱԶՄԷ ՔԱՅՐԱԹԻ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եղիա Եաւրուեան շատ հաւանաբար մաս կազմէ Քայրաթի (Ղազախստան):
Ղազախական մամուլին համաձայն, գործավար Տոնալտ Փարնեթ ակումբին պատասխանատուներուն տուած է երեք մարզիկի անուն` զօրացնելու համար իր կազմը: Այդ երեքին կարգին է նաեւ 29 տարեկան Եղիա Եաւրուեան:
Եաւրուեանին անդրադառնալով` Ղազախական մամուլը կ՛ըսէ, որ գործավարը նշած է վերջինիս անունը, որովհետեւ ան բացառիկ յատկութիւններու տէր մարզիկ մըն է եւ գործակցած է խումբի մարզիչ Ճոն Կրեկորիի հետ:
CATEGORIES Մարզական