«Անհրաժեշտ Է Կարելի Փութով Լուծման Հոլովոյթ Մը Ճշդել Սուրիական Տագնապին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «եթէ «Ժընեւ-2» ժողովը դրական արդիւնք չունենայ, անոր հետեւանքները կրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ` անկէ անդին»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Ա՛յս պատասխանատուութեամբ պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ժողովին եւ աւելին` սովորական յայտարարութիւն պէտք չէ կատարենք, այլ` յստակ ուղեցոյց մը ճշդենք` զայն փոխանցելու համար «Ժընեւ-2» ժողովի պատասխանատուներուն»:
Խօսելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած ներկայ համագումարին մասին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց կարեւորութիւնը հետեւեալ երեք կէտերուն.- ա) Հաւաքական քրիստոնէական մօտեցում ճշդել սուրիական տագնապի լուծման, բ) մեր փորձառութիւնները եւ հայեցակէտերը բաժնել իրարու, ինչպէս նաեւ արեւմտեան աշխարհին հետ, գ) միասնաբար որոնել «Ժընեւ-2» ժողովին մեր բերելիք նպաստը, որ պէտք է ըլլայ ազդու, գործնական ու յստակ»:
Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումը ըլլայ իրապաշտ` հեռու մնալով զգացական, միակողմանի ու քաղաքական մօտեցումներէ: Այլ խօսքով, պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել «Ժընեւ-2» ժողովին մեր բերելիք նպաստին իւրայատկութիւնը»: Մեկնելով իր կատարած այս հաստատումէն` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ երկու կէտերը.- ա) Անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ` բանակցութեամբ: բ) Անհրաժեշտ է, որ բանակցութեան մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ բոլոր համայնքներու պատասխանատուները:
Համագումարի բացման նաեւ խօսք առաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, որ իր կարգին պարզեց խորհուրդին կատարած աշխատանքները` սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր, յատկապէս մարդասիրական մարզին մէջ: Յայտնենք, որ համագումարին կը մասնակցին պատրիարքներ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թենի Սիմոնեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ` Վիգէն արք. Այգազեան: Կը մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ եկեղեցիներու պաշտօնական ներկայացուցիչները:

