«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Ռուսիոյ Եւ Իրանի Առաջնահերթութիւններէն Է» Յայտարարեց Լաւրով

Զարիֆ եւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք սուրիական հողամասերուն վրայէն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները արմատախիլ ընելով հետաքրքրուած են` ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ հաղորդագրութեանց հիմամբ:
«Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը Ռուսիոյ եւ Իրանի առաջնահերթութիւններէն է», յայտարարեց Լաւրով:
Ան ընդգծեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի ներկայութիւնը կարեւոր է»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ տագնապի լուծումը սուրիացիներուն իրենց միջեւ, առանց ոեւէ մէկուն միջամտութեան համաձայնութեան գոյացումով կ՛ըլլայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ Իրան վստահ է, որ Ռուսիան «Ժընեւ-»-ի մէջ հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենայ: Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները լաւ ու ամուր են, եւ Իրան Ռուսիան բարեկամ եւ դրացի երկիր կը նկատէ:
Զարիֆ իր կարգին շեշտեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը ինք իր ճակատագիրը կը ճշդէ»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հետագային երկու արտաքին գործոց նախարարներուն միացած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ անոնց միջեւ եռակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ շարք մը օտարերկրեայ դեսպաններու հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը ջանք պիտի թափէ, որ «Ժընեւ-2»-ը յաջողութեամբ աւարտի եւ խորհրդաժողովը սուրիական կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ձեռնարկման ու երկրին մէջ արիւնահեղութեան դադրեցման յանգի:
Ան յոյս յայտնեց, որ «տագնապի լուծման դրական նպաստ բերելու կարող բոլոր կողմերը մասնակցին «Ժընեւ-2»-ին»:

