Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն վերադարձաւ Պէյրութ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ յայտնեց, որ տակաւին կարելի չէ եղած լիբանանեան համախոհական կառավարութեան մը շուրջ համաձայնիլ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա արգելք չունի Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով` աւելցնելով, որ միւս կողմէ ինք չի կրնար նաեւ Իրանը անտեսել:
ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը լիբանանեան ներքին հարց մըն է, որուն Իրան միջամուխ չի դառնար:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամի աղբիւրներուն համաձայն, կառավարութեան կազմութեան առումով հիմնական քայլերը առնուած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա երաշխիքներ պահանջեց` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ գոյանալիք համաձայնութեան առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է լրջօրէն յանձնառութիւն յայտնէ «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ շաբաթավերջին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Օպէյտ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տագնապին լուծումը զէնքի ուժով պիտի չկատարուի, այլ` հաշտութեան եւ բարեկարգումի ուժով:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն, եթէ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ չներառուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաշտօնական աղբիւրներ յայտնած են, որ կառավարութիւնը կրնայ վաղն իսկ կազմուիլ:

