Բանակը Գրաւեց Դէպի Արսալ Ուղղուող Ինքնաշարժ Մը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Զահլէի Նամլիէ կամուրջին վրայ գրաւած է «Մազտա» տիպի ինքնաշարժ մը, որ կը կրէ 149011/Թ թիւը` վարորդ ունենալով Պիլալ Հասան Խալաֆը:
Ինքնաշարժը, որ կ՛ուղղուէր դէպի Արսալ, բեռցուած էր մեծ քանակի պայթուցիկ նիւթերով, ինչպէս նաեւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի հինգ նռնականետերով:
CATEGORIES Լիբանանեան

