Նախկին Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան Հարցով. Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանը Սկսաւ Դատավարութիւններուն

Սաատ Հարիրի` Միջազգային դատական ստեանի շէնքին առջեւ

Սաատ Հարիրի` Միջազգային դատական ստեանի շէնքին առջեւ

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ սկսաւ իր առաջին դատավարութիւններուն, որոնք կը միտին քողազերծել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերը եւ բացայայտել ճշմարտութիւնը:

Առաւօտեան ժամը 10:35-ին Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Փարակուանաթ բաց յայտարարեց դատավարութիւնը եւ բացատրեց դատավարութեան ընթացքը:

Միւս կողմէ, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Նորմըն Ֆերրըլ յայտնեց, թէ չկայ մէկը, որ ուղղակի կամ անուղղակի չէ ազդուած Ռաֆիք Հարիրին թիրախ դարձուցած պայթումով:

Ան նշեց, որ Հարիրիի սպանութիւնը գրաւած է ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը:

Ֆերրըլ շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքն է իմանալ Հարիրիի սպանութեան կապուած ճշմարտութիւնը եւ այդ սպանութիւնը գործող յանցագործներուն ինքնութիւնը:

Ան հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ յանցագործները փորձած են ծածկել իրենց ինքնութիւնը, սակայն ճշմարտութիւնը կարելի չէ ծածկել եւ յստակ է, որ ամբաստանեալներ Սելիմ Այեաշ, Մուսթաֆա Պատրէտտին եւ ուրիշներ ծրագրած ու գործադրած են պայթումը. ան աւելցուց, որ կան ներքին եւ արտաքին կողմեր, որոնք ծրագրած են Հարիրիի սպանութիւնը:

Ֆերրըլ նշեց, որ Հարիրիի շարժումներն ու քայլերը երեք ամիս շարունակ հետապնդուած են` ընդգծելով, որ պայթումին պատճառը անձնասպանական գործողութիւն մըն է եւ թէ սպիտակ «Միթսուպիշի» տիպի ինքնաշարժը պայթած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակին կողմէ եւ ոչ թէ գետնին տակ զետեղուած ականով կամ հեռավարիչով:

Ֆերրըլ յայտնեց նաեւ, որ Հարիրիի սպանութեան համար օգտագործուած ականը 2500-3000 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի.» կը կշռէր:

Ան երկար եւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ նաեւ պայթումին ընթացքին օգտագործուած հեռաձայնային գիծերուն մասին:

Ան ըսաւ, որ դատավարութեան ընթացքին իրենք պիտի ներկայացնեն լուսանկարներ, փաստեր եւ ականատեսներու վկայութիւններ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ իրենց ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ իրենք մշտապէս պահանջած են արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը եւ ոչ թէ վրէժը: Ան ըսաւ, որ իրենք պատիժ կը պահանջեն եւ ոչ թէ վրէժխնդրութիւն:

«Մենք չենք հաւատար, որ բռնարարքներուն պէտք է բռնարարքներով պատասխանել, այլ` մարդ արարածին մարդկային գիծերուն յաւելեալ կառչածութեամբ», ըսաւ Հարիրի:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ Լա Հէյէն յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանը իր վստահութիւնը վերաշահելու համար պէտք է նկատի ունենայ Հարիրիի սպանութեան կապուած սուտ վկաներուն թղթածրարը, որովհետեւ անիկա մաս կը կազմէ Հարիրիի սպանութեան գործողութեան:

«Երբ աւելի քան տասը սուտ վկաներ կան, կը նշանակէ, որ կայ դաւադրութիւն մը, հետեւաբար մենք կոչ կ՛ուղղենք զանոնք դատավարութեան կանչելու: Լաւ կը հասկնանք Սաատ Հարիրիի հոգեվիճակը, սակայն կարելի չէ ցաւին ազդեցութեան տակ վրէժխնդրութիւն փնտռել, այլ` պէտք է որոնել արդարութիւնը:

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ այսօր առաւօտեան:

 

Share this Article
CATEGORIES