Պըրրի-Ալի Հանդիպում

Դեսպան Ալի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ մղուելիք պայքարին մասին քննարկումներ կատարած է Պըրրիի հետ` նշելով, որ ըստ խորհրդարանի նախագահին, շրջանային եւ միջազգային համախոհութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան ազգային համաձայնութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով բոլոր ջանքերուն մէկտեղումը միակ ճամբան է, որ բոլորին կողմէ պէտք է որդեգրուի:
Պատասխանելով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն սկսումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ալի շեշտեց, որ հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ իսկական ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին կատարուած հետախուզութիւնը եւ ոչ թէ արդարութեան հետ խաղալու տրամադրութիւնը:

