Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Կը Հարուածէ Հերմելը
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:55-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելը, երբ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ կեդրոնական Հերմելի սերային դիմաց:
Պայթումը անձնասպանական գործողութեան հետեւանք էր. անոր պատճառով արձանագրուեցաւ երեք զոհ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 40 ուրիշներ:
Լիբանանի մէջ շրջապտոյտի ելած ահաբեկչութիւնը երէկ այցելեց Հերմել, երբ առաւօտեան «Քիա սփորթեճ» տիպի սեւ ինքնաշարժ մը մուտք գործեց Հերմելի հրապարակ, ուր կը գտնուին սերայը, դարմանատուներ եւ դրամատուներ:
Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ինքնաշարժով յառաջացած էր դէպի «Լիբանանեան-քանատական» դրամատուն եւ հոն պայթեցուցած ինքզինք:
Զոհերուն շարքին էր Մոհամետ Հիւսէյն Ամրօ, որ Հերմելի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն մէկն էր:
Միւս երկու զոհերուն ինքնութիւնը կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններէն ետք:
Անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Ժապհաթ Նուսրան, որ իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «Աստուծոյ շնորհիւ երէկ առաւօտեան կարելի եղաւ Իրանի կուսակցութեան Հերմելի որջը ցնցել»:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ գործողութիւնը կատարուած է «Ժապհաթ Նուսրայի առիւծներէն մէկուն կողմէ»` ի պատասխան Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի կողմէ սիւննի երեխաներուն եւ կիներուն սպանութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ սիւննի համայնքին` դիմադրելու «սատանային կուսակցութեան»:
Ըստ լիբանանեան բանակին տուեալներուն, ականուած ինքնաշարժը կը պարունակէր 30 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:
Պայթումին վայրը ժամանեցին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք հետաքննութիւն բացին դէպքին շուրջ, ինչպէս նաեւ Հերմել ուղղուեցան քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները:
Ապահովական ուժերուն համաձայն, անձնասպանական գործողութեան համար օգտագործուած ինքնաշարժը գողցուած ինքնաշարժ մըն է, որ կը պատկանէր լիբանանահայու մը:
Պայթումին համար օգտագործուած «Քիա սփորթեճ» տիպի սեւ ինքնաշարժը կը պատկանէր Նազարէթ Շահինեանի, որ հաստատեց, որ ինքնաշարժը Անթիլիասի իր բնակարանին մօտակայքէն գողցուած է 8 նոյեմբերին` աւելցնելով, որ նոյն օրուան ընթացքին Անթիլիասի մէջ «Քիա» տիպի երեք ինքնաշարժներ գողցուած են:
Նազարէթ Շահինեան հաստատեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է բանակի գաղտնի սպասարկութենէն, որ իրմէ պահանջած է իր ինքնաշարժին գողութեան յատուկ ոստիկանատան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ այլ փաստաթուղթեր:
Ան ցաւ յայտնեց, որ այդ ինքնաշարժը նման բռնարարքի մը նպատակով օգտագործուած է եւ պատճառած զոհեր ու վիրաւորներ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի դատապարտեց պայթումը` նշելով, որ պայթումը Հըզպալլայի գրասենեակի մը առջեւ չէ պատահած, որովհետեւ ամբողջ Հերմելի բնակիչները Դիմադրութեան հետեւորդներն են:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր նշեց, որ նման ոճրագործութիւններ եւ անձնասպանական գործողութիւններ լիբանանցիներուն մէկ պատգամ կը փոխանցեն` միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ լիբանանցիները երկու բանի կարիք ունին. քաղաքական փոխըմբռնում եւ կառավարութեան կազմութիւն, որոնք պիտի արդիւնաւորուին նախագահական ընտրութեամբ:
Ռահմէ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ապահովական յստակ միջոցառումներու` լուծելու համար արձանագրուած բոլոր այս բացթողումները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց Հերմելի պայթումը` զայն նկատելով Լիբանանը հարուածող ոճիրներու շղթային մէկ օղակը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմադրել Լիբանանին սպառնացող այս վտանգներուն:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց պայթումը, որ հարուածած է անմեղ քաղաքացիներ. ան կոչ ուղղեց բոլորին միասնական դառնալու:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումը` պահանջելով ձերբակալել յանցագործները եւ զանոնք յանձնել դատական իշխանութիւններուն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը անխտիր կը հարուածէ Լիբանանը. ան նշեց, որ ահաբեկչութիւնը արդարացնելը քաղաքական անմտութիւն է:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը ոչ ոք զանց կը կացուցէ` շեշտելով, որ միայն միասնականութեամբ կարելի է դէմ դնել անոր:
Պայթումը դատապարտուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ յանցագործները արդարութեան յանձնելու:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլի դատապարտեց պայթումը եւ կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններուն` պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

