«Կարելի Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Լուծել, Եթէ Կողմերը Ատիկա Չեն Ցանկար» Ըսաւ Պուրքհալթեր

Տիտիէ Պուրքհալթեր

Տիտիէ Պուրքհալթեր

ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթեր ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խօսած է առաջնահերթութիւններու մասին:

ԵԱՀԿ-ի տարածած հաղորդագրութիւնը կը կը նշէ, որ Պուրքհալթեր նշած է, որ կառոյցի նախագահութիւնը ստանձնելը մեծ պատասխանատուութիւն է, եւ 2014-ին նախագահութիւնը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ԵԱՀԿ-ի անվտանգութեան ու կայունութեան:

Այլ հարցերու շարքին, արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ Կովկասի սառեցուած տագնապներուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

«Մենք բոլորս պատասխանատու ենք այդ տագնապներու արդար եւ երկարատեւ լուծման համար: Մենք գիտենք, որ այդ խնդիրները մէկ գիշերուան մէջ լուծել կարելի չէ: Արդիւնքի հասնիլը կարելի չի դառնար, եթէ կողմերը այդ մէկը չեն ուզեր: Զուիցերիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու հանդիպում կազմակերպելու հարցին մէջ», ըսած է Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Share this Article
CATEGORIES