«Ղարաբաղեան Տագնապը Շրջանային Ենթակառուցային Մեծ Նախագիծերուն Լուրջ Սպառնալիք Է» Ըսաւ Ալիեւ

Ալիեւ եւ Ռասմուսեն
Ազրպէյճանական Contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 15 յունուարին Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ «ղարաբաղեան տագնապը լուրջ սպառնալիք է շրջանային ենթակառուցային մեծ նախագիծերուն, ինչպէս օրինակ` Անդրատրիաթիք կազի խողովակաշարի` ԹԱՓ-ի կառուցման, որ կոչուած է ապահովելու Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութիւնը»:
Ալիեւ` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցի հարցումին, ըսած է, որ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան: «Այո՛, ես կը հաստատեմ, որ ինչպէս մէկ տարի առաջ, Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան, եւ ատիկա հաստատուած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 2012-ի յունուարեան նստաշրջանին, երբ տապալեցաւ որոշ ուժերու կողմէ պատրաստուած բանաձեւի նախագիծը: Բացի ատկէ, չկայ «քաղաքական բանտարկեալ» սահմանումը: Թող սկիզբը զայն սահմանեն, յետոյ յստակ կը դառնայ` ով քաղաքական բանտարկեալ է: Եւ յետոյ, ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ Եւրոպական խորհուրդին անդամակցող պետութեան մէջ կան քաղաքական բանտարկեալներ, ատիկա ըստ էութեան կարելի չէ», ըսած է Ալիեւ:
Հասանով. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը
Շրջանին Մէջ Կայունութեան Գլխաւոր
Սպառնալիքն Է»
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ Պաքուի մէջ Ղազախստանի դեսպանին հետ ունեցած հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը շրջանին մէջ կայունութեան գլխաւոր սպառնալիքն է:
Հասանով նաեւ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի «միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն համաձայն»:

