Ինքնաշարժներով Իրազեկման Երթ` Ընդդէմ Պարտադիր Կուտակային Համակարգին

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի
Ընդդէմ պարտադիր կենսաթոշակային կուտակային համակարգի` «Դէմ եմ» նախաձեռնութիւնը երէկ ինքնաշարժներով երթ կազմակերպած է` փորձելով հասարակութիւնը տեղեակ պահել կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին եւ Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններուն հետ 18 յունուարին տեղի ունենալիք հանրահաւաքին մասին:
«Ազդակ»-ի երեւանաբնակ աշխատակից, լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան այս լուսանկարը ուղարկեց երէկուան երթէն:
CATEGORIES Հայկական

