«Հայկական Զինեալ Ուժերը Մարտունակութեան Առումով Շրջանին Մէջ Իրենց Նմանը Չունին» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

Սէյրան Օհանեան
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ Մխիթար Հերացի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ հայկական բանակը ոչ թէ 22 տարուան երիտասարդ, այլ զինուորական մեծ փորձառութիւն ունեցող բանակ է, որուն կազմաւորման հիմքը ժողովուրդի զինուորական գիտելիքներն են: Ան նշեց, որ հայ զօրավարներու միջազգային պատերազմներու ժամանակ մասնակցութեան եւ կերտած յաղթանակներուն շնորհիւ հայկական զինեալ ուժերը տարուէ տարի կը դառնան աւելի մարտունակ ու զարգացած եւ այդ առումով շրջանին մէջ իրենց նման չկայ: Հայկական զինեալ ուժերը միջազգային ասպարէզին մէջ իրենց մասնակցութեամբ ցոյց տուին ոչ միայն բարձր պատրաստուածութիւն, այլեւ ապացուցեցին, որ սպառազինութեան եւ զինուորական-արհեստագիտական հարցերուն մէջ ազնիւ են եւ կը նպաստեն ապահովութեան:
«Մենք խնդիրը պիտի լուծենք ոչ միայն մեր երկրին սահմաններու պաշտպանութեան, այլեւ աշխարհի տարբեր կէտերուն վրայ խաղաղութեան պահպանման համար: Հայկական զինեալ ուժերը այսօր կը հանդիսանան շրջանին մէջ ապահովութեան երաշխաւորը», ըսաւ Օհանեան` աւելցնելով, որ 2012 եւ 2013 թուականներուն հայկական զինեալ ուժերուն մէջ որակական յառաջընթացի տարիներ էին, եւ այդ յառաջընթացի պահպանման ու զարգացման ուղղուած պիտի ըլլայ հետագայ աշխատանքը:
Յաջողութիւններուն զուգահեռ պաշտպանութեան նախարարը խօսեցաւ նաեւ բացթողումներուն մասին` աւելցնելով, որ սառնասիրտ որոշումեր կ՛առնուին անոնց դէմ պայքարելու համար:
Նախարարը յայտնեց, որ վերջին տարիներուն բանակին մէջ անձնական յարաբերութիւններուն մակարդակով արտակարգ պատահարներու թիւը նուազած է, սակայն նուազման զուգահեռ նախարարութեան մէջ պայքար կը տարուի բանակին մէջ արատաւոր բարքերու, երեւոյթներու դէմ: «Կարելի չէ ամբողջ հասարակութիւնը դաստիարակել, սակայն բանակը կրնայ դառնալ այն մեքանիզմը, ուր ընդգրկուած երիտասարդները կը դառնան հանրութեան պիտանի, հայրենասէր եւ բարձր մտածողութեան տէր անձեր», ընդգծեց պաշտպանութեան նախարարը:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2014 թուականին պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարը` ատիկա նուազագոյնի հասցնելու համար: Բացի անկէ, նախարարութիւնը այս տարի յայտարարած է փողոցային բարքերու դէմ «պատերազմի տարի»:

