Էրտողան. «2015-ին Նախօրեակին Պէտք Է Պատրաստ Եւ Զինուած Ըլլանք»

Erdogan«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, դիմելով արտասահմանի մէջ Թուրքիան ներկայացնող հարիւրաւոր դեսպաններուն, այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:

«Մենք բոլորս պէտք է պատրաստ եւ զինուած ըլլանք, այնպէս որ` 1915-ի դէպքերուն ցուցաբերուի անկողմնակալ, գիտականօրէն հիմնաւորուած եւ իրատեսական մօտեցում: Հայկական սփիւռքը իր աշխատանքները կը տանի 1915-ի իրադարձութիւնները քաղաքական քարոզարշաւի վերածելու համար` կեղծելով պատմական իրողութիւնը: Մենք դէմ պիտի դնենք քաղաքական այս արշաւին` առաջ քաշելով պատմական եւ գիտական փաստեր», ըսած է Էրտողան:

Դիմելով դեսպաններուն` Էրտողան նաեւ անոնց թելադրած է հիւրընկալող երկիրներուն մէջ «ճշմարտութիւնը ըսել» «դաւադրական» փտածութեան հետաքննութեան մասին` կոչ ուղղելով հետաքննութիւնը ներկայացնել իբրեւ դաւադրութիւն` վստահութեան արժանի Թուրքիոյ պետութեան դէմ:

Ըստ «Թուտէյզ Զաման»-ի, դեսպաններու հաւաքին ընթացքին Էրտողան յայտարարած է. «17 դեկտեմբերին սկսած հոլովոյթը դաւադրութիւն է, որ կը ներկայացուի իբրեւ փտածութեան դէմ գործողութիւն: Ատիկա ժողովուրդի կամքը, ժողովրդավարութեան հիմքերը, խաղաղութեան հոլովոյթը եւ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը խարխլելու ուղղուած փորձ է»:

Առանց որեւէ անուն նշելու Էրտողան մեղադրած է «Հիզմեթ» շարժումի ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլենը եւ օտարերկրացի անոր աջակիցները, որոնք կը փորձեն տապալել իր ղեկավարած կառավարութիւնը: Ըստ Էրտողանի, «անօրինական կառոյցը» նաեւ կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ կառավարութիւնը կը համագործակցի ծայրայեղական իսլամական կազմակերպութիւններու հետ: Էրտողանի խօսքով` Թուրքիա կը դատապարտէ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում:

«Ըլլայ Քայիտա, թէ Ժապհաթ Նուսրա` անոնք բոլորը մեզի դէմ են, մենք` անոնց դէմ», յայտարարած է Էրտողան:

 

Share this Article
CATEGORIES